ՍԵԼՄԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՌԻԱՏ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ՌԱՅԻՍԻՆ
Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը այս շրջանին առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Այդ համաձայնութեան զուգահեռ՝ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը Ռիատ այցելել հրաւիրեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։ Կը հաղորդուի, որ Սելման թագաւորը նախագահ Ռայիսիին նամակ մը ուղարկելով ողջունած է Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ վերջերս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները։ Ան կոչ ուղղած է տնտեսական եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւն հաստատել երկու երկիրներուն միջեւ։ Իր կարգին, Իրանի նախագահն ալ ողջունած է այս հրաւէրը եւ շեշտած է իր պատրաստակամութիւնը՝ ընդլայնելու համար համագործակցութիւնը Սէուտական Արաբիոյ հետ։
Հարկ է յիշեցնել, որ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ անցեալ մարտի 10-ին համաձայնութիւն մը ձեռք բերուած էր՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման եւ երկու ամսուան ընթացքին դեսպանութիւններու աշխատանքի վերսկսման շուրջ։ Կողմերու ներկայացուցիչները Փեքինի մէջ քանի մը օր բանակցութիւններ վարելէ վերջ ընդունած էին եռակողմանի յայտարարութիւն մը։ Այնտեղ նշուած էր, որ Թեհրան եւ Ռիատ հաւատարիմ են իրարու ինքնիշխանութեան եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ կը ծրագրեն վերսկսիլ համագործակցութիւնը՝ առեւտուրի, տնտեսութեան, մշակոյթի, գիտութեան եւ թեքնիք ոլորտներէն ներս։