ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ կառավարութիւնը կը շարունակէ յամառ պայքար մղել քորոնաժահրի համաճարակին դէմ եւ այդ ամբողջին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունի միջազգային համագործակցութիւնը։ Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց մամլոյ ասուլիս մը սարքեց կառավարութեան մէջ, Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնի երդիքին տակ։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տալու ժամանակ Աւետ Ադոնց տեղեկացուց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւս 600 հազար տոլար յատկացուցած է՝ զօրակցելու համար համաճարակի դէմ Հայաստանի պայքարին։ Ըստ փոխ-նախարարին, այս գումարը կու գայ աւելնալ ամերիկեան կողմի նախապէս տրամադրած 1.1 միլիոն տոլարին վրայ։

Աւետ Ադոնց դիտել տուաւ, որ Հայաստան ընդգրկուած է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կողմէ ձեռնարկուած ծրագրի մը մէջ, որու պիւտճէն կը կազմէ 6 միլիոն տոլար։ Շնորհիւ այս ծրագրին, Հայաստանին պիտի տրամադրուին նոր տեսակի 200 հազար քորոնաժահրի քննութիւններ, որոնք քանի մը ժամուայ ընթացքին ցոյց կու տան նմուշառումներու արդիւնքները։ ՄԱԿ-ի զանազան կառոյցներու ծրագիրներէն ալ բաժին դուրս կու գայ Հայաստանի համար։ Փոխ-նախարարը դիտել տուաւ, որ Հնդկաստանն ալ դեղօրայքի օժանդակութիւն ցուցաբերած է Հայաստանին։

Ըստ Աւետ Ադոնցի, միջազգային համագործակցութեան ամբողջին մէջ շատ բարձր է Ռուսաստանի, Իրանի եւ Վրաստանի հետ տարուած աշխատանքին մակարդակը։ Սա հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ընթացիկ աշխատանքները բաւական հետեւողական եւ գործնական կերպով իրականացնելու։

Աւետ Ադոնց մանրամասնութիւններ փոխանցեց այն աշխատանքներուն շուրջ, որոնք կը ծաւալուին Հայաստանի արտասահմանի քաղաքացիներու երկիր վերադարձը կազմակերպելու առաջադրութեամբ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2020