ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը այսօր օրակարգի վրայ կու գայ Սահմանադրական ատեանէն ներս։ T24 կայքէջին վրայ երէկ Կէօքչէր Թահինճիօղլուի ստորագրութեամբ լոյս տեսաւ հետաքրքրական լուր մը, ըստ որու տասնմէկ տարիէ ի վեր առկախուած պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը այսօր կը քննարկուի Սահմանադրական ատեանին կողմէ։ Կայքէջը կը հաղորդէ, որ պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացին մէջ կրօնի եւ խղճի ազատութիւններու տեսակէտէ ոտնձգութիւններ յառաջացած են աւելի ցած մակարդակի դատարաններու կողմէ արձակուած վճիռներով։ Այս հիման վրայ դիմում կատարուած է Սահմանադրական ատեան եւ սոյն դիմումին վրայ ալ Բարձրագոյն դատարանը այսօր կը քննարկէ խնդիրը։

Կայքէջը կը յիշեցնէ, որ անցեալ մարտին արդէն վախճանած է հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան եւ այս հանգամանքին բերումով ներկայիս իրաւական որեւէ արգելք չէ մնացած պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին սկիզբ մը տալու համար։ Սակայն անցեալ տասնմէկ տարուան գործընթացէն ներս յառաջացած վէճերը եւ ընտրական գործընթացին վերաբերեալ առնուած իրաւական որոշումները այսօրուան դատական նիստով արժեւորումի մը պիտի ենթարկուին Սահմանադրական ատեանին կողմէ։ Սա կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այն առումով, որ Բարձրագոյն դատարանը յիշեալ գործընթացէն ներս կրօնի եւ խղճի ազատութիւններու դէմ միջամտութիւններ կատարուած ըլլալուն ուղղութեամբ դիմումներուն շուրջ որոշում մը պիտի կայացնէ։

Ինչպէս ծանօթ է, Մեսրոպ Պատրիարքի անհանգստութեան շրջանին կազմուած եւ աւելի վերջ գործնականօրէն լուծարուած նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն ոմանք անհատական դիմում կատարած էին Սահմանադրական ատեանին մօտ այս հարցին շուրջ։ Ըստ երեւոյթին, այսօրուան դատավարութիւնը յառաջ կը տարուի այդ դիմումներուն հիման վրայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2019