ՎԱՐԱԶՆԵՐԸ ԱԶԱՏ…

Պերլինի մէջ վարազներու պատճառով ոստիկանները փակած են փողոցը։ Գերմանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերլինի ոստիկանութիւնը իրականացուցած է վայրի կենդանիներու ազատ տեղաշարժի ապահովման գործողութիւն։ Երեսուն վարազէ բաղկացած նախիրը տեղաշարժուած է Պերլինի փողոցներով։ Դէպքի վերաբերեալ տեսանիւթը հրապարակուած է զանազան ընկերային կայքէջերու մէջ։ Կը նշուի, որ ոստիկանական ինքնաշարժները փակած են Միւլենշտրասէ փողոցը, որպէսզի վարազներու նախիրը անխոչընդոտ կարողանայ անցնիլ փողոցը։ Ընկերային հարթակներու վրայ կ՚երեւի, որ վայրի խոզերը առաջին հերթին թափառած են բնակելի շէնքներու միջեւ գտնուող մարգագետիններու մէջ, ապա վազած են փողոցի երկայնքին։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020