91-ԱՄԵԱՅ ՍՐԲՈՒՀԻ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ ՓՐԿՈՒԱԾ

Հայաստանի մէջ, 91-ամեայ Սրբուհի Մուրատեան բուժուած է քորոնաժահրէն եւ դուրս եկած՝ հիւանդանոցէն։ Այսպէս, 91-ամեայ Սրբուհի Մուրատեան բուժուած է համավարակէն եւ դուրս եկած՝ հիւանդանոցէն։ «Արմէնփրէս» այս լուրը կը հաղորդէ՝ տեղեկանալով Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնի Ֆէյսպուքի էջէն։ «Սրբուհի տատիկը 91 տարեկան է։ Ան այսօր դուրս եկաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոնէն։ Սրբուհի Մուրատեան բուժկեդրոն ընդունուած էր նոր քորոնաժահրով, ախտորոշուած էր երկկողմանի թոքաբորբ՝ ախտահարուած էր թոքերու շնչական մակերեսի շուրջ 70 տոկոսը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնած է բուժանձնակազմին՝ մաղթելով, որ ժահրը շուտ անհետանայ աշխարհէն:

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2020