ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Նախագահական ապարանքին մէջ տեղի ունեցած զրոյցը զուգադիպեցաւ՝ Հայաստանի սահմաններու Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ խախտումով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ։ Աւելի՛ն՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ մշակուած սահմանազատման փաստաթուղթի մը գոյութիւնը եւ այդ մէկը ստորագրելու ուղղեալ վարչապետին պատրաստակամութիւնը եկած է նոր ալեկոծումներու ծնունդ տալ Հայաստանի՝ առանց այդ ալ տագնապալի կացութեան մէջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձան սահմանի վրայ ստեղծուած իրավիճակին։ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ներխուժած Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները դուրս մղելու, երկրի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ոտնձգութիւնները բացառելու ուղղեալ գողծողութիւնները աչքէ անցուեցան նախագահին ու վարչապետին կողմէ։

Սարգսեան եւ Փաշինեան կարծիքներ փոխանակեցին սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու սկսելու հարցով Հայաստանի դիրքորոշման եւ ներկայացուցած նախապայմաններուն շուրջ։ Ընդգծուեցաւ, որ միայն այդ նախապայմաններու բաւարարման պարագային անհրաժեշտ պայմանները ստեղծուած պիտի համարուին՝ այդ ուղղութեամբ համապատասխան քննարկումներու ձեռնարկելու համար։ Նախագահ Սարգսեան այս կապակցութեամբ ներկայացուց իր դիտարկումները։

Մինչ այդ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ հերթական անգամ լուսաբանութիւններով հանդէս եկան սահմանային իրադրութեան շուրջ։ Այսպէս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուորներուն միջեւ որոշ հատուածներու մէջ ծագած են լարուածութիւններ, որոնք հարթուած են։ Իսկ սահմանի խախտումներու տեսակէտէ իրադրութիւնը երէկ կէսօրուայ ժամերու դրութեամբ էական փոփոխութիւն չէ կրած։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւններուն արձագանգներն ալ կը շարունակուին։ Ան յայտնած էր, որ Պաքու պատրաստ է Երեւանի հետ աշխատիլ։ Միեւնոյն ժամանակ Ալիեւ նշած էր, որ Հայաստան պէտք է ճանչնայ Ատրպէյճանի սահմանները եւ Լեռնային Ղարաբաղն ալ ճանչնայ՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս։  

Շաբաթ, Մայիս 22, 2021