Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԱՐԱՄ ԱՐՔ.Է ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Նախկին նախագահ Սիւլէյման Տէմիրէլ շաբաթավերջին հողին յանձնուեցաւ իր ծննդավայրին՝ Սպարթայի Իսլամգիւղին մէջ, ուր պիտի կառուցուի յուշադամբան մը։ Անցեալ շաբաթ ան կնքած էր իր մահկանացուն յառաջացած տարիքին մէջ։ Այս առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւակցական գիր մը ուղարկեց այժմու նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին եւ յանուն Պատրիարքական Աթոռին ցաւակցութիւն յայտնեց իրեն։
Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015