ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՐԻՒՐ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հերթական անգամ դրամական օժանդակութիւն ցուցաբերեց սուրիահայոց համար։ Այսպէս, վերջերս մայրավանքէն դրամական օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ ի նպաստ հարիւր սուրիահայ ընտանիքներու։ Փախստականներու միջազգային օրուան առթիւ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակին կողմէ փոխանցուեցան օժանդակութիւնները։
«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան հետ համատեղ կազմակերպուած ձեռնարկը սկսաւ միասնական աղօթքով։ Աւելի վերջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան, որ կանգ առաւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայոց խնդիրներուն վրայ։ Ան մատնանշեց սուրիահայոց առկայ կարիքներն ու խնդիրները եւ աւելցուց, որ այդ բոլորը մշտապէս կը գտնուին Հայ Եկեղեցւոյ եւ անձամբ Վեհափառ Հայրապետի ուշադրութեան ու հոգածութեան ներքեւ։
Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Իսահակ Վրդ. Պօղոսեան, որ իր հերթին ներկաներուն փոխանցեց օրհնութիւնները ու կարեւորեց ընկերային գրասենեակին առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։