ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին։ Տոլմապահչէի նախագահական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Յունիսի 10-ին Էրպիլի մէջ տեղի ունեցած երդման արարողութիւնով Նեչիրվան Պարզանի ստանձնած էր իր պաշտօնը։ Այդ արարողութեան ներկայ գտնուած էր նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Նոր պաշտօնը ստանձնելէ վերջ Նեչիրվան Պարզանի արտասահմանեան առաջին այցելութիւնը տուաւ Թուրքիա։

Նախագահ Էրտողան Նեչիրվան Պարզանիի հետ աչքէ անցուց այն բոլոր քայլերը, որոնք առնուած են կողմերու յարաբերութիւններու բնականոնացման համար՝ Հիւսիսային Իրաքի անկախութեան հանրաքուէի հարցով պայմանաւորուած լարուածութեան յաղթահարման առաջադրութեամբ։ Սուրիոյ տագնապին գլխաւորութեամբ, կողմերը կանգ առին նաեւ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն վրայ։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ տնտեսական յարաբերութիւններու ա՛լ աւելի զարգացումը։ Այս ամբողջին մէջ կը նախատեսուի Օվաքէօյի մէջ սահմանային անցակէտի մը բացուիլը՝ որպէս այլընտրանք Հապուրի անցակէտին։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, այլ բազմաթիւ նիւթերու առընթեր շօշափուեցան յարաբերութիւններու վերաձեւաւորումը, ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան տարածքաշրջանի գործունէութիւնները, նաւթի արտահանումը, Սուրիայէ ներս քիւրտերու վիճակը եւ այլն։

Շաբաթ, Յունիս 22, 2019