ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան՝ տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափով կազմակերպուած գագաթաժողովին։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել, Աւստրիոյ վարչապետ Սեպաստիան Քուրց, Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ութէ, ԵՄ-ի անդամ այլ պետութիւններու առաջնորդներ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան պետութիւններու Սպիտակ Ռուսիոյ, Վրաստանի, Ուքրայնայի, Մոլտովայի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները։

Իր ելոյթին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ վճռակամ բարեփոխումները Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը անշրջելի դարձնելու համար։ Բաց աստի, ան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Համամոլորակային մարտահրաւէրները կը պահանջեն միասնական գործողութիւններ, այլ ոչ թէ առճակատում։ Համաճարակի պայմաններուն ներքեւ տարածքաշրջանէ ներս լարուածութիւնը մեծցնելու որեւէ գործ խիստ անպատասխանատու է ու պէտք է դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ։ Այս համատեսքին մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան մօտեցումները՝ համահունչ ԵՄ-ի շարունակական հաւասարակշռուած դիրքորոշման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային շատ կարեւոր գործօն մըն է մեր տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման համար», ըսաւ Փաշինեան։

Տեսաքոնֆերանսի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան արձագանգեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան, որու մէջ զանազան փաստեր խեղաթիւրուած էին։ Փաշինեան այս առթիւ շեշտեց, որ Պաքուի իշխանութիւնները ցայսօր կը հետեւին ցեղապաշտ քաղաքականութեան։ Իր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը հաստատակամ է սեփական ապագան կառուցելու որոշման մէջ ու պատրաստ պաշտպանելու իր անվտանգութիւնը՝ համարժէք արձագանգելով որեւէ ոտնձգութեան։ Փաշինեան հերթական անգամ կոչ ուղղեց Ալիեւին, որպէսզի շինիչ մօտեցում ցուցաբերէ եւ ի վերջոյ հրապարակայնօրէն համաձայնի իր առաջ քշած բանաձեւին, ըստ որու հակամարտութեան որեւէ կարգաւորում պէտք է ընդունելի ըլլայ Արցախի ժողովուրդի, Հայաստանի ժողովուրդի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդի համար։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2020