ԽՆԱՄՔՈՎ ՇՐՋԱՆՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՀԱՐՈՒԱԾ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը խորհրդարանի նիստին յայտարարեց.
«Բանակցային գործընթացի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, թէ՛ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ թէ՛ Սերժ Սարգսեանը, այդպիսով նաեւ անոնց քաղաքական արբանեակ Դաշնակցութիւնը Արցախը ճանչցած են իբրեւ Ատրպէյճանի մաս եւ/կամ չեն առաջնորդուած «Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ» սկզբունքով»:
Ընդհանուր պետութեան տեսութենէն Քի Ուեսթ կամ մատրիտեան (ապա՝ նորացուած), սկզբունքներ, հասնելով լաւրովեան կամ քազանեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթերուն տարընթերցումներ կատարելը եւ նման միակողմանի մեկնաբանութիւն ընելը չի բխիր հայկական կողմի շահերէն: Կարելի է հիմնաւորեալ հակաճառել, որ վարչապետին հնչեցուցած միտքը չի համապատասխաներ իրականութեան: Բայց հիմնականը այս պարագային այլ հանգամանքներու կը վերաբերի:
Երբ պարտուած կողմի բանակցային դիրքերը տկարացած են եւ պարզ ու յստակ կ՚երեւայ, որ թշնամին առիթը կ՚ուզէ լիարժէք օգտագործել առաւելագոյնը ձեռք բերելու կամ միակողմանի զիջումներ պարտադրելու. երբ հետզհետէ կը ծանրանայ միջազգային ճնշումը՝ համաձայնութիւններու գործընթացները արագացնելու, երկրի գլխաւոր դէմքը ողջմտութիւնը պիտի ունենայ միայն ներքին լսարանի համար յայտարարութիւններ չհնչեցնելու: Պաշտօնական ամէն յայտարարութիւն լայնօրէն կը շահարկուի հակառակորդին կողմէ:
Ամէն մէկ նման զիջումնային յայտարարութիւն կ՚օգտագործուի հակառակորդին եւ համաձայնութեան առաջնորդելու կոչուած ուժերուն կողմէ պայմանագիրներ պարտադրելու՝ իրենց քաղաքական ծրագիրներուն իրականացման ընթացքին:
Բանակցային դիւանագիտութեան մէջ կայ յատուկ մարտավարութիւն մի՛շտ դիմացի կողմը, յաչս միջազգային ընտանիքին, միջնորդին՝ մերժողի դիրքին վրայ տեղադրելու: Առաջարկուած սկզբունքները, կէտերը կամ համաձայնութեան նախագիծերը մերժողը ընդհանրապէս եղած է ատրպէյճանական կողմը: Անկախ այս հանգամանքէն, նաեւ կայ հետեւեալ հարցադրումը. եթէ հայկական կողմը ընդունած ըլլար Արցախը ատրպէյճանական կազմին մէջ, ինչո՞ւ այդ փաստաթուղթերը հետեւողականօրէն մերժած են հայր եւ որդի Ալիեւներու իշխանութիւնները:
Վարչապետի յայտարարութեան մէջ կայ երանգային շրջանցում: Ամենէն շատ քաղաքական իրապաշտութեան վերադառնալու, առաւելապաշտութենէն ձերբազատելու, ռոմանթիզմին եւ ցնորատեսութեան վերջ տալու, Ժելեզնովոտսքեան տրամաբանութենէն մինչեւ լրջանալու եւ խաղաղութիւնը ի գին զիջումներու պատերազմէն գերադասելու ուղերձ յղողին հասցէն պարզ է: Խնամքով շրջանցուած է առաջին նախագահին անունը: Շեշտուած՝ երկրորդ, երրորդ նախագահներն ու Դաշնակցութիւնը:
Դաշնակցութեան հասցէին հնչած մեղադրանքը կրնան ջրել խնամքով շրջանցուած նախագահին նախապէս կատարած մեղադրանքները՝ «ոչ մէկ դիզականութեամբ», «Հայդատականութեամբ» եւ նման եզրաբանութեամբ ձեւակերպուած: Միտքը յստակ է. Դաշնակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան տարածքը կ՚ընկալէր փաստացի սահմաններով, այլ խօսքով՝ հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող արցախեան բոլոր տարածքներով: Այս հասկացողութիւնը յետագային ստացաւ նաեւ սահմանադրական հիմք՝ Արցախի վերափոխուած Սահմանադրութեամբ: Իսկ հիմա ալ վերահաստատուած՝ Արցախի Ազգային ժողովի ապաբռնագրաւման մասին որդեգրած օրէնքով:
Յատկապէս զգայուն ժամանակահատուածներու, երբ բանակցութիւններու վերսկսման միջազգային նախաձեռնութիւններ կ՚առնուին, երբ մանաւանդ պատերազմ կորսնցուցած դիրքերէ, հայկական կողմի ներկայացուցիչները բանակցելու առաձգականութեան չեն տիրապետեր, ընդդիմութիւն հարուածելու մղումը պէտք է երկրորդական կարգ մղել: Այդ կ՚ակնկալուի պետական բարձրագոյն պաշտօններ վարողներէն:
Մանաւանդ որ պետական մտածողութեամբ ընդդիմութիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին ճամբով միջազգային հանրութեան ուղերձ կը յղէ, որ ժողովուրդը պատրաստ չէ երթալու միակողմանի զիջումներուն:
Այս հանգամանքները նկատի ունենալով որեւէ առաւել չի բերեր բանակցային փաստաթուղթերուն Ատրպէյճանի դիրքերը ամրացնող նման յայտարարութիւններ կատարելը՝ ըսելու համար, որ հայկական կողմը միշտ համաձայն եղած է Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ներառելուն: Տակաւին տարբեր խնդիր, որ այդպէս ալ չէ եղած հայկական կողմի դիրքորոշումը: Ի վերջոյ բանակցիլը տարբեր է, համաձայնիլը տարբեր է եւ ստորագրելը՝ տարբեր: Իսկ այս առումով միակ պարտուողական, միակողմանի զիջումներ ընդունած եւ ստորագրուած փաստաթուղթը 9 նոյեմբերի հրադադարի պայմանագիրն է:
Պետական մտածողութիւնը բացակայ է: Այդ պատճառով ալ ներքին թիրախ խփելը կը գերադասուի արտաքին քաղաքականութենէն եւ բանակցային դիրքերը վերաամրացնելու անյետաձգելի հրամայականէն:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի