ՆԻՍԻ ԴԷՊՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ

Նի­սի մէջ Յու­լի­սի 14-ին պա­տա­հած սահմռ­կե­ցու­ցիչ ա­հա­բեկ­չու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ Ֆրան­սա­յի դա­տա­կան մար­մին­նե­րը պատ­րաս­տե­ցին ի­րենց մե­ղադ­րա­կա­նը։ Փա­րի­զի դա­տա­խա­զու­թիւ­նը ե­րէկ ուշ ե­րե­կո­յեան ա­հա­բեկ­չու­թեան յատ­կա­նիշ­նե­րով ամ­բաս­տա­նագ­րեր հաս­ցէագ­րեց հինգ ան­ձե­րու հա­մար։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­նոնց պա­րա­գա­յին կաս­կած­ներ կան Նի­սի ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թեան ա­ջակ­ցե­լու շուրջ։ Դա­տա­խա­զու­թեան տուեալ­նե­րով՝ ա­հա­բե­կիչ վա­րորդն ու իր ա­ջա­կից­նե­րը քա­նի մը ա­մի­սէ ի վեր կը ծրագ­րէին Յու­լի­սի 14-ի ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, ո­րուն զոհ գնաց 84 հո­գի։ Ծա­նօթ է, որ յարձակումը ապրուած էր Ֆրանսայի Ազգային տօնի օրուան հրավառութիւններուն ընթացքին։

Ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րը թու­նուզ­ցի եւ ալ­պա­նա­ցի­ներ են, ա­նոնց­մէ մին կին է։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2016