ՆՈՐ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՅԱՆ
Երեւանի մէջ վերջերս սկսաւ՝ 250 մեկավաթ հզօրութեամբ նոր ելեկտրակայանի մը կառուցման շինարարութիւնը։ Այս ծրագիրը վստահուած է «Ռենքօ» իտալական ընկերութեան։ Շինարարական աշխատանքներու սկիզբին առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ կառավարութեան կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նոր ելեկտրակայանի կառուցման շինարարութեան համար նախատեսուած է շուրջ 250 միլիոն ամերիկեան տոլարի մակարդակով ներդրում մը։ Ներդրումային ծրագրին մէջ ներգրաւուած են նաեւ «Սիմեստ» իտալական պետական ընկերութիւնը, «Սիմենս» գերմանական ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային ելմտական կազմակերպութիւններ։ Կայանի կառուցումը կը նախատեսուի իրականացնել շինարարութեան մեկնարկէն 26 ամիս վերջ։
Այս կայանին միջոցաւ նոր արտադրուելիք հզօրութիւնը Հայաստանի ուժանիւթի համակարգէն ներս պիտի օգտագործուի նաեւ տարածքաշրջանային ծրագրերու համար՝ մասնաւորապէս Իրանի հետ կազի ու ելեկտրական ուժանիւթի փոխանակման գործարքներուն մէջ։
Իտալական «Ռենքօ» ընկերութեան Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Սիմոնէ Ճովաննի շինարարութեան սկիզբին առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան ընդգծեց, որ Երեւանի նոր ելեկտրակայանի կառուցումը այս ընկերութեան ամենամեծ ու ռազմավարական նախագիծն է Հայաստանի մէջ։ «Մենք կը հպարտանանք Հայաստանի մէջ մեր գործունէութեամբ։ Սա մեր ամենամեծ ներդրումը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ՝ հակառակ, որ արդէն քսան տարիէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալենք այստեղ։ Նախագծի ուղղութեամբ առաջին աշխատանքները սկսած էին տակաւին 2016 թուականին», ըսաւ Սիմոնէ Ճովաննի եւ աւելցուց, որ այս նախագիծը պիտի չըլլայ վերջինը։ «Ռենքօ» ընկերութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ 30-40 տարիներուն աւելի մեծ ծրագրեր իրականացնել Հայաստանի մէջ։