ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ ԵՒ ՅԱՐԳԱՆՔ

Մեծանուն ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան շաբաթավերջին բազմակողմանի ծրագիրով մը ոգեկոչուեցաւ Լիզպոնի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս տարի կը նշուի Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանը։ Յոբելենական տարուան շրջանակներէն ներս կեանքի կը կոչուին զանազան ծրագրեր ու կը կազմակերպուին ձեռնարկներ, որոնք առիթ կը հանդիսանան Գալուստ Կիւլպէնկեանի թողած աւանդի, անոր հետ պայմանաւորուած ժառանգութեան եւ անոր մարմնաւորած կերպարի լաւագոյնս արժեւորման։

Հարկ է նշել, որ ամէն տարի Գալուստ Կիւլպէնկեան յուլիսի 19-ին կ՚ոգեկոչուի Լիզպոնի մէջ։ Իր անունով գործող մեծ հիմնարկը այդ թուականը որդեգրած է՝ վերյիշելու համար ազգային մեծանուն բարերարը։ Այս տարի յուլիսի 19-ի ոգեկոչումները բոլորովին տարբեր տարողութիւն մը ունէին՝ հաշուի առնելով, որ ներկայ տարին Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին կը զուգադիպի։ Այս առթիւ, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնական համալիրէն ներս տեղի ունեցան զանազան արարողութիւններ, որոնց մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան։

Յուլիսի 19-ի առաւօտուն, Գալուստ Կիւլպէնկեանի՝ համանուն հիմնարկի կեդրոնական համալիրէն ներս զետեղուած արձանին շուրջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ծրագրին առաջին փուլը։ Այսպէս, հիմնարկի Հոգաբարձութեան նախագահ Իզապել Մոթա եւ միւս վարչայինները, ինչպէս նաեւ պաշտօնէութիւնը ծաղիկներ թողեցին Գալուստ Կիւլպէնկեանի արձանին առջեւ՝ բերելով իրենց խոնարհումը։ Ներկայ էին նաեւ հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան եւ իր գործակիցները։ Բնականաբար, ամբողջ ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի շառաւիղը՝ Մարթին Էսայեան, որ համանուն հիմնարկի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն մին է։ Ծաղիկներու թողման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան։

Ոգեկոչման ծրագիրը աւելի վերջ շարունակուեցաւ Ֆաթիմայի Սուրբ Աստուածամօր Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ուր մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Լիզպոնի այս կարեւոր սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան նախագահեց տեղւոյն պատրիարքը՝ Մանուէլ Քլեմենթ։ Ներկայ էր նաեւ Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան, որ աղօթեց Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ համանուն հիմնարկի անդարձ բաժնուած բոլոր վարիչներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, «Կիւլպէնկեան» նուագախումբը հանդէս եկաւ Հայրապետական մաղթանքի երգեցողութեամբ՝ Արա Պարթեւեանի դաշնաւորումով։ Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան նոյնպէս Մարթին Էսայեան, Իզապել Մոթայի կողմէ գլխաւորուած «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի վարչայինները, Հայկական համայնքներու բաժնի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան եւ իր գործակիցները։

Օրուան երկրորդ կէսին ոգեկոչման ծրագիրը շարունակուեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնական համալիրէն ներս։ Յատկանշական ծրագրեր նախատեսուած էին նաեւ այս փուլին։ Արդարեւ, հիմնարկի կեդրոնակայանի երկրորդ լսարանի երդիքին տակ ծանօթացուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ հրատարակուած շահեկան գիրք մը։ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կողմէ իր թոռան ուղարկուած նամակներու վերաբերեալ եզակի գիրք մըն է այս մէկը, որու շնորհանդէսը արժանացաւ լայն հետաքրքրութեան։ Գինեձօնի ընթացքին զանազան ատենախօսներ մեկնաբանեցին գիրքի բովանդակութիւնը եւ անոր լոյսին տակ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ զանազան երեսակներ։

Գիրքի ներկայացումէն վերջ, հիմնարկի կեդրոնական համալիրի մեծ ամփիթատրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ծրագրի կարեւորագոյն փուլերէն մին։ Այսպէս, «Կիւլպէնկեան» մրցանակի յանձնման արարողութիւնը կատարուեցաւ՝ մասնակցութեամբ Փորթուգալի նախագահ Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սոզայի։ Հաւաքոյթի ընթացքին Փորթուգալի ղեկավարը հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։ Մրցանակաբաշխութեան արարողութենէն վերջ «Կիւլպէնկեան» նուագախումբը տուաւ համերգ մը, որու մասնակիցները հիացումով հետեւեցան գործադրուած յայտագրին։ Հուսկ, սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Տ․ Խաժակ Արք․ Պարսամեան Լիզպոնի այս հանդիսութիւններուն ընթացքին առիթն ունեցաւ հակիրճ զրուցելու Փորթուգալի նախագահ Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սոզայի հետ։ Անմիջական ու ջերմ խօսակցութեան ընթացքին Փորթուգալի ղեկավարը նշեց, որ իր երկրի ժողովուրդն ու պետութիւնը միշտ խոր երախտագիտութեամբ կը վերյիշեն Գալուստ Կիւլպէնկեանը։

Գալուստ Կիւլպէնկեան իր թողած մեծ ժառանգութիւնով եւ կենդանութեան օրօք ծաւալած գործունէութեան բերումով առընչուած է աշխարհագրական մեծ տարածքի մը հետ։ Բայց եւ այնպէս, քանի որ իր անունով ստեղծուած հիմնարկը կը գործէ Լիզպոնի մէջ՝ իրեն առընչակից ընդարձակ աշխարհագրութեան մէջ առանձնայատուկ կէտի մը վերածուած է Փորթուգալի մայրաքաղաքը։ Ուստի, իր 150-ամեակի յոբելենական տարուայ գործունէութիւններուն ծիրէն ներս Լիզպոնի մէջ կազմակերպուած այս պատշաճ շուքով հանդիսութիւնները առարկայ դարձան առանձնայատուկ ուշադրութեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 22, 2019