Հինգշաբթի 2, Յունուար 2025
ԷՐՏՈՂԱՆ-ՄԵՐՔԷԼ ԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Լիպիոյ եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։ Անոնք կանգ առին նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ նիւթերու վրայ՝ մասնաւորապէս ընդգծելով տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառները։
Էրտողան եւ Մերքէլ շօշափեցին նաեւ զանազան նիւթեր, որոնք կը վերաբերին քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի եւ անոր յաջորդելիք ժամանակաշրջանի համագործակցութեան հեռանկարները։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020