ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԻ ՆԱՆԹԻ ՏԱՃԱՐԸ

Ֆրանսայի Նանթ քաղաքին մէջ շաբաթավերջին հրդեհ ծագած է Ս. Պօղոս-Պետրոս տաճարէն ներս։ Գոթական ոճով այս տաճարի հրդեհի մարման աշխատանքներուն մասնակցած է աւելի քան հարիւր հրշէջ։

Այս հարցով սկսած է հետաքննութիւն: Հրշէջները մարդոց կոչ ըրած են հեռու մնալ այդ տարածքէն:  Հրշէջ ծառայութեան ղեկավարը յայտնած է, որ եկեղեցւոյ տանիքը չէ վնասուած, բեմագրութիւնը համեմատելի չէ Նոթր Տամ տաճարի հրդեհին հետ:

1436 թուականին սկսուած է Ս. Պօղոս-Պետրոս տաճարի շինարարութեան, որ տեւած է 457 տարի։

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն սատարման գրառում ուղարկած է հրշէջներուն։ «Փարիզի Աստուածամօր տաճարէն յետոյ Նանթի սրտին վրայ հրդեհ ծագած է Ս. Պօղոս-Պետրոս տաճարին մէջ։ Մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք այն հրշէջներուն, որոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն՝ այս գոթական մարգարիտը փրկելու համար», գրած է ան Twitter-ի իր էջին վրայ։

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի իշխանութիւնները կը վերականգնեն Նանթի տաճարը հրդեհէն յետոյ։ Այսպէս, Ֆրանսայի իշխանութիւնները կը ստանձնեն Նանթի Ս. Պօղոս-Պետրոս տաճարի վերականգնման ծախսերը։ Այս մասին նախընթաց օր յայտնած է Ֆրանսայի տնտեսական նախարար Պրիւնօ լը Մէր՝ ելոյթ ունենալով BFM հեռուստաալիքի եթերէն:

«Պետութիւնը կը ստանձնէ Նանթի տաճարի վերականգնման ծախսերը», ըսած է նախարարը: Ան յայտնած է, որ նախապէս մի քանի ամիս ապրած է Նանթի մէջ, լաւ գիտէ այդ տաճարը եւ բազմիցս ունկնդրած է երաժշտութիւնը՝ ամենահնամենի եկեղեցական երգեհոնի, որ այժմ ամբողջովին ոչնչացած է հրդեհէն։

«Պետութիւնը անմիջապէս արձագանգած է պատահարին եւ երկրի վարչապետ Ժան Քասթեքս շտապ ժամանած է Նանթ այլ նախարարներու ուղեկցութեամբ: Այժմ պետութիւնը կը ցուցադրէ իր մասնակցութիւնը՝ ապահովելով տաճարի վերականգնման ծախսերը: Վերջինիս համար այս մէկը պարտականութիւն է, քանի որ ան օրէնքով եկեղեցւոյ սեփականատէրն է, այդ տաճարը մեր մշակութային սեփականութեան մէկ մասն է», ընդգծած է ան:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020