ՀԱՒԱՍԱՐ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆ…
Աշխարհի մէջ բնակչութեան մէկ երրորդը կը նշէ տղամարդոց եւ կանանց աշխատանքի հաւասար վարձատրման մասին։ Այսպէս, մոլորակի բնակիչներու աւելի քան մէկ երրորդը (34 տոկոս) կը նշէ, որ իրենց երկիրներուն մէջ տղամարդոց եւ կանանց աշխատանքը կը վարձատրուի հաւասարապէս, սակայն գրեթէ կէսը (45 տոկոս) համաձայն չէ այդ պնդումին: Այս մասին կը վկայեն «Ռոմիր հոլտինկ»ի եւ GlobalNR հետազօտական ընկերութիւններու միջազգային միութեան համատեղ հետազօտութեան արդիւնքները:
«Ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած է հետազօտութիւնը։ Այս հարցախոյզի մասնակիցներու միայն մէկ երրորդը կը կարծէ, թէ տղամարդիկ եւ կանայք իրենց երկիրներուն մէջ հաւասար աշխատավարձ կը ստանան: Յաճախակիօրէն սոյն հարցումին իրաւահաւասարութեան մասին յայտարարած են Հնդկաստանի (73 տոկոս) եւ Թայլանտի (71 տոկոս) բնակիչները: Ռուսաստանի բնակիչները ցոյց տուած են աշխարհի մէջ միջինին մօտ արդիւնք (34 տոկոս)», ըսուած է հետազօտութեան մէջ: Ըստ հարցախոյզի տուեալներու՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ մասնակիցներու 34 տոկոսը կը կարծէ, որ քաղաքացիները աշխատանքի միատեսակ վարձատրութիւն կը ստանան անկախ սեռէն: Համաձայնուածներու ամենաքիչ բաժինը, թէ տղամարդոց եւ կանանց աշխատանքը հաւասարապէս կը վարձատրուի, արձանագրուած է Պրազիլի (19 տոկոս), Գերմանիոյ (18 տոկոս) եւ Հարաւային Քորէայի (13 տոկոս) մէջ:
Սոյն հետազօտութիւնը կատարուած է Պրազիլի, Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Հնդկաստանի, Իտալիոյ, Չինաստանի, Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Թայլանտի, Հարաւային Քորէայի մէջ: Հարցախոյզին մասնակցած է 7.1 հազար մարդ։ Անոնք ներկայացուցած են զանազան ընկերային-ժողովրդագրական խումբեր։