ՄԱՔՔԱՐԹՆԻԻ ԵՒ ՍԹԱՐԻ ՆՈՐ ԱԼՊՈՄԸ

Փոլ Մաքքարթնի նոր մինի-ալպոմ կը ձայնագրէ Ռինկօ Սթարի հետ։ Այսպէս, Փոլ Մաքքարթնի պատմած է վերջերս Ռինկօ Սթարի հետ սթիւտիոյի մէջ կատարած աշխատանքի մասին։

Աշխարհահռչակ The Beatles քառեակի երկու մասնակիցները միասին պատրաստած են Մաքքարթնիի «A Beautiful Night» երգի նոր տարբերակը, որ կը թողարկուի 1997 թուականի անոր «Flaming Pie» ալպոմի վերահրատարակման հետ միաժամանակ: Սթարի շնորհիւ նաեւ կը յայտնուի «A Beautiful Night»ի երաժշտական հոլովակը եւ անոր հիման վրայ նոր մինի-ալպոմը:

«Ես արդէն երկար տարիներէ ի վեր Ռինկոյին կ՚ըսէի, որ շատ լաւ կ՚ըլլար միասին գործ մը ընել, որովհետեւ մենք այնքան շատ չենք համագործակցած The Beatles-ի շրջանակներէն ներս», պատմած է Մաքքարթնի: Ան նաեւ ճշդած է, որ զինք չէ հրապուրած «A Beautiful Night»ի այն տարբերակը, որ ան ձայնագրած էր մի քանի տարի առաջ եւ ինք վաղուց կը փափաքէր զայն վերափոխել:

«Ես Ռինկոյին առաջարկեցի աշխատիլ այդ երգի վրայ ու ամէն բան ընթացաւ այնպէս, ինչպէս հին ու բարի ժամանակներուն: Ես հասկցայ, թէ որքան վաղուց մենք միասին չենք նուագած, ինչ որ շատ հիանալի էր… իսկական հրաշք, մենք երկուքս ալ շատ ուրախ էինք», յաւելած է երաժիշտը։ Սըր Փոլ մտադիր է յուլիսի 31-ին թողարկել իր արխիւային հաւաքածոն, որու մէջ տեղ կը գտնեն 32 երգեր եւ 128 էջնոց գիրք մը՝ Լինտա Մաքքարթնիի՝ աւելի առաջ չհրապարակուած լուսանկարներով։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020