ՆՈՐ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԹԻՒԸ 928

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ 21 քաղաքներու մէջ արդէն չէ մնացած խտացեալ խնամքի տակ գտնուող հիւանդ։

Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ կատարուեցաւ 42 հազար 846 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 928 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին 18 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1009։ Ներկայ դրութեամբ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1246 հիւանդ, արհեստական շնչառութեան սարքերու ենթակայ վարակեալներու թիւն է 379։

Միւս կողմէ, Ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որով ճաշարաններու եւ սրճարաններու պարագային աշխատանքային ժամերու սահմանափակումները ջնջուեցան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020