ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Շուրջ տասն օրէ ի վեր Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած յարձակումներուն հետեւանքով տեղի կ՚ունենան բախումներ եւ ստեղծուած լարուածութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ խոր մտահոգութեան։ Վերջին օրերուն յարաբերական հանգիստ կը տիրէր սահմաններուն վրայ, սակայն երէկ երեկոյեան ժամերուն Ատրպէյճանի բանակը նոր յարձակում մը գործեց Հայաստանի վրայ։ Այսպէս, երէկ, ժամը 22.30-ին, Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան Տաւուշի մարզի «Անվախ» դիրքին վրայ Ատրպէյճանի բանակի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումը հերթական յարձակումը իրականացուց։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայկական զինեալ ուժերը ետ մղած են այս յարձակումը՝ պատճառելով զգալի կորուստներ։ Սկզբնական տուեալներով՝ Ատրպէյճանի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման զինուորները բացի իրենց կրած կորուստներէն, ծուղակի մէջ թողած են նաեւ զինուորներ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, որ հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած։

Երէկ գիշերուան այս հաղորդումներէն վերջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն ալ հերթական յայտարարութիւն մը կատարեցին՝ նշելով, որ գիշերուան տեւողութեան եւ այս առաւօտեան ժամերուն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պահպանուած է յարաբերական անդորրը։ Ըստ Շուշան Ստեփանեանի, Ատրպէյճանի զօրքերը սահմանի առանձին հատուածներուն հրացաններով եօթ անգամ խախտած են հրադադարը՝ հայկական դիրքերուն վրայ արձակելով շուրջ քսան կրակոց։ Ըստ իր հրապարակած մանրամասնութիւններուն, Ջիլ ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերուն վրայ մէկ անգամ, Այգեպար ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերուն վրայ մէկ անգամ, Չափնի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերուն վրայ մէկ անգամ, ինչպէս նաեւ Պարոյր Սեւակ, Երասխ, Զանգակատուն ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերուն վրայ ընդհանուր առմամբ երեք անգամ կրակ բացուած է։ 

Մինչ այդ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ ներկայացուց վերջին բախումներուն ժամանակ Հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ խոցուած Ատրպէյճանի բանակի անօդաչու թռչող սարքերը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաօդային համալսարանէն ներս այդ բոլորը ցուցադրուեցան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած այս ցուցադրութեան ընթացքին Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու պատասխանատուները շեշտեցին, որ Ատրպէյճանի զօրքերը հայկական որեւէ անօդաչու թռչող սարք չեն խոցած։

Ատրպէյճանի բանակի խոցուած անօդաչու թռչող սարքերը ընդհանրապէս Իսրայէլի մէջ արտադրուած են։ Հայաստանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, վերջին օրերուն Իսրայէլէն մասնագէտներ մեկնած են Ատրպէյճան՝ այս կապակցութեամբ աշխատանք տանելու համար։

Նոյնպէս երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Երեւանի մէջ այցելեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցը, ուր կը դարմանուին այն զինուորները, որոնք վերջին բախումներուն ժամանակ վիրաւորուած են։ Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց վիրաւորեալ զինուորներուն համար եւ ըսաւ. «Ձեր սխրագործութիւններով սերունդներ պիտի կրթուին ու պիտի դաստիարակուին»։ Նորին Սրբութիւնը բոլորին ընծայեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանը եւ մանրանկարներով Տէրունական խաչեր։ Հիւանդանոցի համալիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նաեւ տեղւոյն մատուռը, ուր աղօթեց Հայաստանի խաղաղ եւ անվտանգ կեանքին համար։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ առաւօտ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով տեսակցեցաւ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպաններուն՝ Վարդան Տողանեանի եւ Փոլատ Պիւլպիւլօղլուի հետ։ Ռուս նախարարի առանձնատան մէջ, աշխատանքային նախաճաշի ձեւաչափով տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուեցան Անդրկովկասէ ներս անվտանգութեան ապահովման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրավիճակի կայունացման խնդիրները։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերու աշխուժացման հեռանկարները։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020