Հինգշաբթի 2, Յունուար 2025
2020 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ԱՄԵՆԱՏԱՔ ՏԱՐԻՆ
Ջրաօդերեւութաբանական կեդրոնէն չեն բացառած, որ 2020 թուականը ամենատաքը կը դառնայ պատմութեան մէջ։ Այսպէս, ընթացիկ տարին ամենատաքը կը դառնայ օդերեւութաբանական դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Այս մասին տեղեկացուցած է Ջրաօդերեւութաբանական կեդրոնի գիտական ղեկավար Ռոման Վիլֆանտ:
«Արդէն մի քանի ամիսէ ի վեր, ինչպէս՝ յունուարը, մարտը, ամենատաք ամիսները եղած են դիտարկումներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Առայժմ առաջին հորիզոնականը կը զբաղեցնէ 2016 թուականը… Այժմ 2020 թուականը վստահօրէն երկրորդ հորիզոնականը պիտի զբաղեցնէ ամենատաք տարիներու կարգին: Արդեօք ան կրնա՞յ առաջին դիրքի վրայ ըլլալ։ Հնարաւոր է, բայց ստոյգ է, որ ան առաջին եռեակին մէջ կը մտնէ», ըսած է Վիլֆանտ։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020