ԵՒ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ 1-Ը
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ յառաջիկայ Նոյեմբերի 1-ին Թուրքիա վերստին պիտի ապրի ընտրութիւն մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան ըսաւ, թէ նոր կառավարութեան ձեւաւորման համար նախատեսուած քառասունհինգ օրուան ժամկէտի աւարտին պիտի խորհրդակցին Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Իսմէթ Եըլմազի հետ եւ կանխահաս ընտրութեան մը պիտի տանին երկիրը։
Սկիւտարի «Հազրէթի Ալի» մզկիթին մէջ Ուրբաթի աղօթքը կատարելէ վերջ, երէկ, Էրտողան յայարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն։ Մամլոյ սպասաւորներուն հետ զրուցելու ընթացքին, ան անդրադարձաւ նաեւ իր իրաւասութիւններուն շուրջ ծաւալուած բանավէճերուն։ Ըստ իրեն, հեռատեսիլներու վրայ շատ բաներ կը խօսուին, սակայն ինք քաջ գիտէ իր իրաւասութիւններուն շրջագիծը՝ որպէս հանրապետութեան նախագահ։ Ան աւելցուց, թէ այդ իրաւասութիւնները օգտագործելու ի վիճակի են մինչեւ վերջ։ «Ժամանակ կորսնցնելու հետամուտ չեղայ, ու պիտի չըլլամ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ ըստ Սահմանադրութեան՝ հանրապետութեան նախագահը կրնայ երկիրը առաջնորդել ընտրութեան։ Այս բոլորը պատկան յօդուածներուն մէջ շատ յստակ ու բացայայտ ձեւով նշուած են։ Հետեւաբար, քառասունհինգ օրուան ժամկէտի լրանալէն վերջ, Երկուշաբթի, Էրտողան տեսակցութիւն մը պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահին հետ եւ երկիրը պիտի առաջնորդուի ընտրութեան։ Այս հանգրուանին ան կարեւորութեամբ մատնանշեց նաեւ ուրիշ հանգամանք մը։ Այսպէս, ներկայ գործընթացը կ՚ենթադրէ իր կողմէ նշանակուելիք նախարարաց խորհուրդով ընտրութեան ձեռնարկելը։ Ըստ Էրտողանի, խորհրդարանէ ներս կամ դուրս դէմքեր պաշտօնի կրնայ կոչել նախըտրական շրջանի ժամանակաւոր կառավարութիւնը ձեւաւորելու համար։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ հանրապետութեան նախագահը յիշեցուց, որ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն շուրջ ձեռնարկած է աշխատանքի։ Հետեւաբար, բոլոր քաղաքական ուժերը բաւարար ժամանակ ունին իրենց նախապատրաստութիւններուն համար։ Բաց աստի, զինեալ ուժերն ու ոստիկանութիւնն ալ բոլոր նախազգուշական միջոցները ձեռք կ՚առնեն՝ երաշխաւորելու համար ընտրութիւններու անվտանգութիւնը։
Յունիս 7-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւն բերած էր 47 միլիոն 507 հազար 467 ընտրող՝ 25-րդ գումարման խորհրդարանի կազմը ընտրելու համար։