ԵՐԵՒԱՆ ՏԱՍՆ ՄԱՏՉԵԼԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ՎՐԱՅ

Աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար Fastcompany.com լրա­տուա­մի­ջո­ցը հրա­պա­րա­կած է տասն քա­ղաք­նե­րու ցան­կը, ո­րոնք մատ­չե­լի են ար­տա­սահ­մա­նի մէջ ապ­րե­լու եւ աշ­խա­տե­լու հա­մար: Ըստ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան, այդ քա­ղաք­նե­րու շար­քին դա­սուած է նաեւ Ե­րե­ւա­նը:

«Ին­տո­նե­զիա­յի  ծո­վա­փե­րէն մին­չեւ Հա­յաս­տա­նի գե­ղա­տե­սիլ լեռ­ներ: Բազ­մա­թիւ գոր­ծա­րար­ներ ու պաշտօնատարներ յա­ճախ կը փախ­չին ի­րենց լու­սա­ւոր գրա­սե­նեակ­նե­րէն եւ ար­տերկ­րի մէջ աշ­խա­տանք կը գտնեն՝ փնտռե­լով ա­ւե­լի քիչ «ա­ւան­դա­կան գրա­սե­նեակ­ներ»: Ես նման մար­դոց հան­դի­պած եմ, ես ա­նոնց­մէ մէկն եմ», գրած է յօ­դուա­ծա­գի­րը:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ե­րե­ւա­նին՝ յօ­դուա­ծի հե­ղի­նա­կը կը նկա­տէ, որ վեր­ջերս ար­ձա­նագ­րուած տնտե­սա­կան վե­րել­քը Ե­րե­ւա­նի սրճա­րան­նե­րը լե­ցու­ցած է օ­տա­րերկ­րեայ աշ­խա­տա­կից­նե­րով:

Ապ­րե­լու եւ աշ­խա­տե­լու հա­մար տա­սն մատ­չե­լի քա­ղաք­նե­րու ցան­կին մէջ յայտ­նուած են նաեւ՝ Պանկ­քոնկ (Թայ­լանտ), Չիանկ Մայ (Թայ­լանտ), Թայ­փէյ (Թա­յուան), Ու­պուտ Պա­լի (Ին­տո­նե­զիա), Ֆու­քէթ (Թայ­լանտ), Եո­հոր Պահ­րու (Մա­լե­զիա), Պելկ­րատ (Սեր­պիա), Քուի­տօ (Է­քուա­տոր), Հօ Շի Մին Սի­թի (Վիեթ­նամ):

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016