ԽՐՈՒԱԹԻԱՆ ԿԸ ՎԱՃԱՌԷ ԻՐ ԿՂԶԻՆԵՐԸ
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով սերպական «Թանժուկ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Խրուաթիան վերջին տասնչորս տարուան ընթացքին վաճառած է Ադրիական ծովուն մէջ գտնուող իր կղզիներէն հինգը:
«Տակաւին մէկ տասնամեակ առաջ խրուաթական կղզիներու եւ կղզեակներու վաճառքի կարելիութիւնը կ՚ընկալուէր իբրեւ աղէտալի եւ խայտառակ վաճառք», կը նշէ գործակալութիւնը:
Հակառակ այն վախին, թէ այս ամբողջ բնական հարստութիւնը պիտի գնեն օտարերկրացի միլիառատէրները, «արդիւնքները առանձնապէս չեն տպաւորեր: Տասնչորս տարուան մէջ ընդամէնը հինգ կղզի», աւելցուցած է «Թանժուկ»:
Առաջիններու շարքին 2002 թուականին վաճառուած է Սմոքվիցա կղզին՝ 1.1 միլիոն եւրոյով: «2000 թուականին Ֆրաշքէր եւ Ֆրաշքերիչ կղզիները վաճառուած են ռուս մեծահարուստ Վլատիմիր Եւթուշենքոյի ընկերութեան, իսկ 2005 թուականին Եաքլիան կղզեակը 6 միլիոն եւրոյով վաճառուած է Կորան Շթրոքին: Իսկ պանդոկի մը սեփականաշնորհման հոլովոյթին մէջ գնորդը թղթածրարին մէջ ատոր հետ ստացած է Մալոսթոնի ծոցին մէջ գտնուող Կիանքի կղզին», կը յիշեցնէ «Թանժուկ» գործակալութիւնը:
Սերպական լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Ադրիական ծովու խրուաթական կողմին վրայ 1244 կղզի եւ կղզեակ կայ, որոնցմէ միայն 65-ը բնակեցուած է: Պետութեան սեփականութիւն են խրուաթական կղզիներուն 85 առ հարիւրը, եւ անոնք նախատեսուած չեն վաճառքի համար: