ԿԱՐՃԱՏԵՒ՝ ՍԱԿԱՅՆ ՅԻՇԱՐԺԱՆ

Երկու օրէ ի վեր իմ սիրտն ու հոգին պատած է թախիծ։ Այժմ ալ անսահման տխրութիւն ու ափսոսանք կայ հոգւոյս մէջ։ Ներաշխարհս ալեկոծ է ու տակնուվրայ…

Այս անյատակ յուզումի պատճառը ինծի քաջածանօթ է՝ անսպասելի հրաժեշտը մեծն հայու, փրոֆեսէօր Վարդան Օզինեանի հետ։ Տակաւին զինքը չբացայայտած, անոր ներկայութիւնը չվայելած, բարի խորհուրդներն ու մտածումները չունկնդրած, անկէ բան մը չսորված՝ կորսնցուցի զայն։

Սակայն… վայրկեան մը… այդ ինչպէ՞ս… միթէ հնարաւո՞ր է գրեթէ անծանօթի մը համար այսքան յուզուիլ։ Ըսել է, թէ այո, հնարաւոր է։ Քանզի այդ անծանօթը ես բախտն ունեցայ ճանչնալու, անոր հետ հաճելի ու խորաթափանց զրոյցի բռնուելու, կրցաւ կէս ժամուայ մէջ զիս տպաւորել ու հիացնել իր ծով գիտելիքներով, իր մարդկային բարձր արժէքներով ու քաղաքավարութեամբ։

Արդարեւ, երբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրակազմին հետ աշխատիլ սկսայ, պարբերաբար կ՚իմանայի մեծ ակնածանքով արտասանուած «պարոն Օզինեան» անունը։ Ի վերջոյ այնքան շատ իմացայ այս մեծանուն հայուն մասին, որ իմ մօտ անթաքոյց փափաք մը յառաջացաւ ճանչնալու զինքը։ Սակայն չհամարձակեցայ բարձրաձայնել անկարելի թուացող իմ այդ փափաքի մասին։ Բաց աստի, բնաւ չէի պատկերացներ մեր հանդիպումը. ի՞նչ բանի մասին պէտք է խօսինք, արդեօք անոր հաճելի պիտի ըլլա՞յ իմ ընկերակցութիւնը եւ կամ ինչպէ՞ս ես կրնամ գրաւել փրոֆեսէօրի մը ուշադրութիւնը…

Եւ այսպէս, ամէն անգամ իմանալով «պարոն Օզինեան» անունը ինքնաբերաբար վերոնշեալ փափաքն ու հարցումները կը զբաղեցնէին իմ միտքը…

Հոգւոյս խորքին մէջ տեղ գտած ուրիշ անկատար իմ երազներուն աւելցուցի այս մէկը ու բանալիով գոցեցի պահարանը։ Մոռցայ…

Ես մոռցայ, սակայն Տէրը՝ երբեք. Աստուած ինծի համար պատրաստեց կրկնակի հաճելի ու անսպասելի անակնկալ մը։ Պարոն Օզինեանը ինքն իր ոտքով եկաւ մեր խմբագրատուն, ճիշդ այն նոյն օրը երբ իմ փոքրիկ հրեշտակը՝ Զաւէնիկը այցելած էր մեզի։ Կրկնակի ուրախութիւն։ Այդ յիշարժան ու պատմական օրը պարոն Օզինեանն ու իր քոյրը՝ տիկին Մարին թէ՛ մեզի հետ կը զրուցէին, թէ՛ կը խաղային Զաւէնիկի հետ։ Իմ փոքրիկի աչքերը կը փայլատակէին, այդ պահուն անոր ուրախութիւնը չունէր չափ ու սահման. վստահաբար շատ սիրած էր իր նոր մեծանուն բարեկամները։

Գրեթէ այդ մէկ ժամուայ հիւրընկալութեան ընթացքին ես անսահման տպաւորուեցայ ու հիացայ պարոն Օզինեանի ծով գիտելիքներով ու մարդկային բարձրագոյն որակաւորումներով։ Իսկ երբ պարոն Օզինեանը ըսաւ, թէ կը կարդայ իմ գրութիւններն ու հարցազրոյցները եւ շատ կը հաւնի, ես պարզապէս սկսայ սաւառնիլ երկինքի մէջ։ Արդարեւ, այդ հմուտ ու արհեստավարժ մարդկային տիպարը գիտէր, իր փորձառութեամբ ու պաշարով վարպետօրէն ներգործել իր երկխօսի կեանքին։ Ինչպէս Արա Գօչունեանը կ՚ըսէ. «Վարդան Օզինեան կը յաջողէր իր դիւրահաղորդ բնաւորութեամբ ու բարձր մակարդակով ներազդել էութեանդ…»։

Կրնամ ըսել, թէ վայրկեաններու ընթացին ան հեզասահօրէն ինքզինքին համար տեղ մը բացաւ իմ կեանքին մէջ։ Բնական նրբանկատութիւն մը ունէր, սակայն մտածումն ալ չէր թաքցներ։ Ծով հանգստութիւն ու քաղաքավարութիւն կը ցոլանար իրմէ։

Մեր անկեղծ ու անմիջական շփումէն վերջ, կը ցանկայի մեծն հայու հետ ունենալ լուսանկար մը, սակայն համարձակութիւնս թոյլ չտուաւ փափաքս բարձրաձայնելու։ Իրարմէ ջերմօրէն հրաժեշտ առինք, յաջորդիւ հանդիպման յոյսով։

Աւա՜ղ, մեր յաջորդ հանդիպումը անժամկէտ յետաձգուեցաւ, խոր վիշտ պատճառելով բոլորիս։

Ուշ մնացի… շատ ուշ մնացի…

Ես՝ իմ Զաւէն մեծ հայրիկի հետ չունիմ լուսանկար, իսկ Զաւէնիկը՝ մեծն հայու, որու հետ յաջորդիւ հանդիպման մենք կը սպասէինք սրտատրոփ… Սակայն այդ օրը այլեւս երբեք պիտի չգայ… Ի՜նչ ափսոս… հազա՜ր ափսոս…

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ ո՜վ մեծն հայ…

Հինգշաբթի, Օգոստոս 22, 2019