ԿԱԶԻ ՄԵԾ ՊԱՇԱՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդէս եկաւ պատմական յայտարարութիւններով, որոնք կը կրէին մեծ աւետիսի մը բնոյթը։ Այսպէս, նախագահ Էրտողան տեղեկացուց, որ Սեւ ծովու մէջ Թուրքիա իրականացուցած է իր պատմութեան ամենամեծ բնական կազի գիւտը։ 320 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ յայտնաբերուած է եւ այդ մէկը 2023 թուականին պիտի սկսի օգտագործուիլ։ Ըստ իրեն, հաւանական է, որ նման ուրիշ պաշարներ ալ յայտնաբերուին։

Այս արդիւնքին մէջ լուրջ դեր խաղացած են Պետական գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաք եւ Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմէզ։

Այս իրադարձութիւնը երկրի կշռին տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Արդարեւ, միջազգային ուժանիւթի շուկայէն ներս Թուրքիոյ դերակատարութիւնը հիմնական փոփոխութեան կրնայ ենթարկուիլ։ Աշխարհաքաղաքական դիրքին բերումով Թուրքիա արդէն տարանցիկ կարեւոր երկիր մըն էր, սակայն այդ բնոյթը հետզհետէ կը վերածուի կեդրոն երկրի մը։ Ըստ մասնագէտներու, տարածքաշրջանէ ներս այլ՝ աւելի մեծ ծաւալով պաշարներ ալ կը գտնուին եւ անոնց ալ յայտնաբերումը լուրջ նշանակութիւն կրնայ ունենալ երկրին տեսակէտէ։

Անշուշտ, ուժանիւթի սեփական միջոցներ ունենալը կարեւոր կը համարուի նաեւ երկրի ինքնիշխանութեան ամրապնդման տեսակէտէ։

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2020