ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՆՀԱՒԱՆԱԿԱՆ

Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին BREXIT-ի շուրջ։ Ամիսներէ ի վեր ամուլ բանակցութիւններ կը վարեն կողմերը։ Այդ բոլորէն վերջ Եւրոմիութիւնը տեղեկացուց, որ կարելի պիտի չըլլայ BREXIT-ի շուրջ համաձայնութիւն մը կնքել Անգլիոյ հետ։

BREXIT-ի գծով Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Միշել Պառնիէ Պրիւքսելի եւ Լոնտոնի բանակցութիւններու 7-րդ փուլի աւարտին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ ըսաւ. «Եւրոմիութիւնը եւ Անգլիան հաւանաբար չկարողանան համաձայնութիւն մը կնքել։ Ես արդէն չեմ հասկնար, թէ մենք ինչու ժամանակ կը կորսնցնենք այս բանակցութիւններուն վրայ՝ անգլիական կողմի առկայ վերաբերմունքի պարագային»։

BREXIT-ի անցումային շրջանը պիտի աւարտի 31 դեկտեմբերին։ Այդ պահու դրութեամբ համաձայնութիւնը ո՛չ միայն պէտք է գոյացած ըլլայ, այլեւ՝ ստորագրուած ու վաւերացուած ձեւով պէտք է ուժի մէջ ըլլայ։ Համաձայնութեան չհասնելու պարագային կողմերը կը ծրագրեն իրենց յարաբերութիւնները յառաջ տանիլ՝ ըստ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կանոններուն։

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2020