1203 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 92 հազար 227 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1203 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 22 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 772։ Ներկայ դրութեամբ 749 հիւանդի կացութիւնը կը համարուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտնեց, որ քորոնաժահրը ի վերջոյ պիտի յաղթուի։ Ան մաղթեց, որ օրակարգը բնորոշուի լաւ լուրերով։

Միւս կողմէ, Իսթանպուլի մէջ հանրային փոխադրամիջոցներէ ներս կը կատարուին հակակշռումներ՝ ուղեւորներու համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն հետեւիլը երաշխաւորելու նպատակով։

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2020