ԷՐՏՈՂԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԻ ՀԵՏ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան Ճօ Պայտընը հիւրընկալեց իր իջեւանած պանդոկին մէջ։ Դռնփակ հանդիպումը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Թէ՛ Էրտողանի եւ թէ Պայտընի կողքին էին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճօ Պայտըն վերահաստատեց իր անխախտ զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան։ Ան դրուատեց թուրք ժողովուրդին հաւատարմութիւնը՝ օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու նկատմամբ։ Ճօ Պայտըն միեւնոյն ժամանակ յիշեցուց, որ ամերիկեան կողմը ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը համարէ ՓՔՔ-ն։ Պայտըն շեշտեց, թէ հերթական անգամ կը պախարակէ ՓՔՔ-ի կողմէ թուրք անվտանգութեան ուժերուն եւ քաղաքայիններուն վրայ գործուած յարձակումները։
Էրտողան եւ Պայտըն քննարկեցին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ոչնչացման ուղղեալ միջազգային համախոհութեան շրջագծէն ներս համագործակցութեան խորացման խնդիրը։ Ներառեալ Սուրիոյ հրադադարն ու Կիպրոսի բանակցութիւնները, զրուցակիցները շօշափեցին տարածքաշրջանային կարեւոր իրադարձութիւնները։ Պայտըն կանգ առաւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ռազմավարական կարեւորութեան վրայ։
Հանդիպման ընթացքին Ճօ Պայտըն շեշտեց նաեւ, որ ամերիկեան կողմը պատրաստ է նեցուկ կանգնելու՝ Թուրքիոյ մէջ պատահած զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ ձեռնարկուած հարցաքննութեան։