ԵՐԵՒԱՆԸ՝ ՊԱՏՐԱՍՏ

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու դեսպանները վերջերս ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս կազմակերպութեան 18-րդ գագաթաժողովը յառաջիկայ ամիս տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։ Պրիւքսելի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ գագաթաժողովին ընդառաջ կազմակերպուեցաւ վերոյիշեալ հաւաքը։ Եւրոմիութեան մօտ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մշտական ներկայացուցչութեան եւ Պրիւքսելի մօտ Գանատայի դեսպանութեան կողմէ ալ մասնակցութիւն բերուած էր հաւաքի կազմակերպման։ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժան եւ Պրիւքսելի մօտ հաւատարմագրուած 85 դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ կամ անդամներ մասնակցութիւն բերին հաւաքին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, Պելժիոյ եւ Լիւքսեմպուրկի մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան հանդէս եկաւ հաւաքի բացման խօսքով։ Դեսպան Մարգարեան այս առթիւ կարեւորեց Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Երեւանի գագաթաժողովի սեմին Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած հաւաքին ֆրանսախօս համայնքին կողմէ բերուած աշխոյժ մասնակցութիւնը։

Այնուհետեւ, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչ դեսպան Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան ներկայացուց Երեւանի մօտալուտ գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։ Իր կարգին, Միքայէլ Ժան մասնաւորապէս նշեց, որ Երեւան պատրաստ է յառաջիկայ գագաթաժողովին։ Ընդհանուր քարտուղարը համոզուած է, թէ գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ բարձր մակարդակով եւ կ՚արձանագրէ մեծ յաջողութիւն։

Ժողովի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ցուցադրուեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք գագաթաժողովին վերաբերեալ տեսանիւթ մը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2018