ՖՐԱՆՔՖՈՒՐԹԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐ

Գեր­մա­նիոյ մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն գրքի տօ­նա­վա­ճա­ռը, որ վա­ղը պի­տի հաս­նի իր ա­ւար­տին։ Աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան 100 եր­կիր­նե­րէն 7100 հաս­տա­տու­թիւն­ներ կը մաս­նակ­ցին Ֆրանք­ֆուր­թի գրքի տօ­նա­վա­ճա­ռին, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած է 68-րդ ան­գամ։ Այ­ցե­լու­նե­րու թի­ւը կը հաս­նի 275 հա­զա­րի։ Այս տա­րուան պա­տուոյ հիւրն է Հո­լան­տա։ Տօ­նա­վա­ճա­ռին կը հե­տե­ւին ա­ւե­լի քան 10 հա­զար լրագ­րող­ներ, ո­րոնց եր­կու հա­զա­րը պլո­քըր­ներ են։

Հա­յաս­տանն ալ տա­ղա­ւար մը ու­նի Ֆրանք­ֆուր­թի մէջ։ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ Ֆրանք­ֆուր­թի մէջ ներ­կա­յա­ցուած են՝ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը, «Ան­տա­րես»ը եւ «Զան­գակ»ը։ Որ­պէս գրա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ ներ­կայ են նաեւ Ա­ռա­ջին գրա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը, Հայ գրա­կա­նու­թեան հիմ­նադ­րա­մը եւ «Ա­ՐԻ» գրա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը։ Հայ­կա­կան տա­ղա­ւա­րէն ներս նա­խա­տե­սուած են նաեւ զա­նա­զան շնոր­հան­դէս­ներ։

Այս մաս­նակ­ցու­թեան շնոր­հիւ մի­ջազ­գա­յին գրա­սէր­նե­րուն ըն­ձե­ռուած է հնա­րա­ւո­րու­թիւն՝ ծա­նօ­թա­նա­լու Հա­յաս­տա­նի վեր­ջին տա­րի­նե­րու օ­տա­րա­լե­զու եւ հա­յա­լե­զու հրա­տա­րակ­չա­կան ար­տադ­րան­քը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016