ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը, որու համալիրէն ներս կառուցուած նոր մասնաշէնքը այս շրջանին ողջունելի ձեռքբերում մը կը համարուի պոլսահայ կրթական համակարգին տեսակէտէ։ Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերներէն Կարօ Պալեան, Արման Չոպան եւ Արման Հիլքաթ, ինչպէս նաեւ թաղի վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու Նորին Ամենապատուութեան մանրամասն բացատրութիւններ տուին դպրոցի կացութեան շուրջ։

Այդ տեղեկութիւնները քաղելու եւ նոր մասնաշէնքին ծանօթանալու առընթեր, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ նաեւ աշակերտներու հետ, որոնց տուաւ իր օրհնութիւնը։

Նկատի ունենալով համաճարակով պայմանաւորուած հանգամանքները, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դասարան առ դասարան շրջելով տեսակցեցաւ Արամեանի սաներուն հետ, հաւաքական փուլ մը չէր նախատեսուած։

Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկացուցին, որ նորակառոյց շէնքին առընթեր, կարգ մը ամրացումներէ վերջ արժմու շէնքի օգտագործումն ալ պիտի շարունակուի եւ վարժարանի գործունէութիւնը յառաջ պիտի տարուի ընդարձակուած ու կատարելագործուած համալիրէ մը ներս։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2021