ԱՆԳԱՐԱ ՄԻՇՏ ՎՃՌԱԿԱՄ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՑՔԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ վճռական մնալ Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցին շուրջ։ Նախագահ Էրտողան յաջորդ շաբթուայ սկիզբին՝ 26 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ատրպէյճան։ Այս անգամուան ուղեւորութիւնը պիտի չըլլայ դէպի Պաքու, որովհետեւ ան պիտի մասնակցի Ֆիզուլիի օդակայանի եւ նոյն շրջանէն ներս քանի մը ցամաքուղիներու բացման արարողութեան, նաեւ ներկայ պիտի գտնուի գիւղատնտեսական ոլորտէ ներս շատ մը ծրագրերու մեկնարկին։

«Մենք այս հարցը քննարկած ենք իմ եղբայր Իլհամ Ալիեւի հետ», ըսաւ Էրտողան ու շեշտեց, որ Անգարայի դիրքորոշումը չէ փոխուած Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցին շուրջ։ «Մենք նախկինին նման վճռական տրամադրուած ենք Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցին մէջ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ Թուրքիա կը շարունակէ Ատրպէյճանին աջակցիլ՝ ականապատուած տարածքներու մաքրման համար եւ այս նպատակով կը տրամադրէ յատուկ սարքաւորումներ։

Դէպի Ափրիկէ ձեռնարկած ուղեւորութենէն վերադարձին լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ յառաջացած վերջին լարուածութեան։ Իր կանխատեսումներով՝ այդ ճգնաժամը դժուար թէ սաստկանայ։ «Ես նման բանի չեմ սպասեր։ Իրան՝ Ատրպէյճանի Իսրայէլի հետ ունեցած յարաբերութիւններուն պատճառով նպատակ մը չի հետապնդեր։ Իրանաբնակ ատրպէյճանցիներու քանակը ակնյայտ է։ Այդ գործօնը, անկասկած, կը ստիպէ մտածել։ Ամէն ինչ այդքան պարզունակ չէ։ Կը կարծեմ, թէ Իրանի նոր իշխանութիւնը չի շարունակեր նոյն սխալը», ըսաւ Էրտողան։

Միւս կողմէ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճան ազատ արձակած է Գորիս-Կապան մայրուղիին վրայ ձերբակալուած ու բանտարկուած Իրանի քաղաքացի վարորդները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2021