ԵՄ-ԷՆ ԵՒ ՆԱԹՕ-ԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի հարցերու գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Եւրոպացի պաշտօնատարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Կարապետեանի հետ հանդիպման ընթացքին Քլաար ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը կ՚ուսումնասիրէ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղ զարգացման նպաստելու հնարաւորութիւնները։ Մինչ Փաշինեան Քլաարի հետ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ծալքերուն, Արարատ Միրզոյեանն ալ անոր հետ շօշափեց տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։

Փաշինեան-Քլաար զրոյցի ընթացքին կողմերը կարեւորեցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս բանակցային գործընթացի վերսկսումը՝ ընդգծելով այդ ձեւաչափի նշանակութիւնը։ Քլաար բացատրեց, որ ԵՄ պատրաստակամ է օժանդակելու տարածքաշրջանէ ներս վստահութեան եւ երկխօսութեան մթնոլորտի հաստատման ուղղեալ գործընթացին, ինչ որ պիտի նպաստէ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման։ Վարչապետն ու յատուկ ներկայացուցիչը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան խթանման հեռանկարներուն շուրջ։

Բաց աստի, երէկ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ նաեւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիէր Քոլոմինա Փիրիսի, որ եւս հանդիպումներ ունեցաւ Փաշինեանի, Միրզոյեանի եւ Կարապետեանի հետ։ ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչը հիւրընկալելու ժամանակ Արշակ Կարապետեան նշեց, որ Արցախի երկրորդ պատերազմին ժամանակ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը նուազեցուցած է դաշինքի նկատմամբ վստահութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2021