ԵՒՐՈԱՍԻՈՅ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՒԱՔԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Երեւանի մէջ եզրափակուեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու հաւաքը։ Երէկ, Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդը իրականացուց ընդլայնուած կազմով նիստը։ Օրուան տեւողութեան ժողովական վարչապետները հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ։ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին Երեւանի հաւաքին ժամանակ յայտարարեց, որ ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրները յուսալիօրէն պաշտպանուած են ուժանիւթակիրներու գիներու չհիմնաւորուած թանկացումներէն։

ԵԱՏՄ-ի միջկառավարական խորհուրդի յաջորդ ժողովը նախատեսուած է 2023 թուականի փետրուարին, Ալմաթիի մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2022