ԿԱՊԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆ
Հայաստանի հարաւի Կապան քաղաքին մէջ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ Իրանի աւագ հիւպատոսութիւնը։ Հիւպատոսարանի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Ամիր Ապտուլլահիան։ Հիւպատոսարանի բացումէն առաջ Ապտուլլահիան պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր Երեւան։ Ի շարունակութիւն պաշտօնական այցելութեան ծրագրին՝ երկու նախարարները ուղեւորուեցան սահմանամերձ Կապան՝ մասնակցելու համար Իրանի հիւպատոսարանի բացման։ Հաւաքոյթի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց Հայաստանի մտադրութիւնը՝ Թաւրիզի մէջ հիւպատոսարան մը հիմնելու ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Ամիր Ապտուլլահիանն ալ բացման արարողութեան ընթացքին շեշտեց, որ Իրան Հայաստանի եւ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը կը համարէ իր սեփական անվտանգութեան համարժէք։
Խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնի հատման ժամանակ Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսարանի բացումը կը համարուի երկու բարեկամ ու հարեւան երկիրներու ջերմ յարաբերութիւններու ցուցիչը, նաեւ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու անվտանգութեան ապահովման իւրօրինակ հանգրուան մը։ Միրզոյեան յատկանշական համարեց, որ հիւպատոսարանի բացումը կը զուգադիպի Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Իր կարգին, Կապանի մօտ Իրանի աւագ հիւպատոս Մուրթազա Ապիտին Վարամինն ալ նշեց, որ իր երկիրը տարածաշրջանէ ներս սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն պիտի չճանչնայ, եթէ որեւէ երկիր իր սահմաններէն դուրս գործողութիւններ իրականացնէ, ապա Իրան պիտի ցուցաբերէ համարժէք հակազդեցութիւն։ Իր խօսքով՝ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները յստակ ու բազմիցս յայտարարած են, որ երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները պէտք է յարգուին։ «Մենք կը փափաքինք խաղաղ եւ կայուն Հայաստան։ Այստեղ մեր պատգամը խաղաղութեան եւ բարեկամութեան պատգամ է։ Բնականաբար, երկու երկիրներու շահերը նկատի կ՚ունենանք», յայտնեց աւագ հիւպատոս Վարամին։