ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ՍՏԱՆՁՆԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՐԱՆԻՆ ՂԵԿԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան հոգեւոր կեդրոնին գլուխը անցած է Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան՝ 2 հոկտեմբեր 2024 թուականի դրութեամբ։ Ան երկար տարիներէ ի վեր Պոլսոյ մէջ ծառայութիւն կը մատուցէ՝ արժանացած ըլլալով համատարած յարգանքի եւ համակրանքի։

Սաքըզաղաճըի արքեպիսկոպոսարանէն երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեամբ տեղեկացուեցաւ, որ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի նախագահութեամբ, Զմմառի մէջ գումարուած Սինոդի ժողովը վերջերս քննարկած է Պոլսոյ աւագ թեմի վիճակը։ Ժողովականները հաշուի առած են Գերապայծառ Լեւոն Զեքիեանի տարիքի բերմամբ պաշտօնի դադրեցման պարագան։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի ղեկը յանձնուած է Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանի՝ որպէս պատիրարքական կառավարիչ։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Կաթողիկէ հայոց Զմմառի մայրավանքէն բարեմաղթութիւններ յղուած է Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեանի բեղուն առաքելութեան համար, Տիրամօր բարեխօսութեան հայցով հանդերձ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2024