ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի այսօր եռակողմանի գագաթաժողով մը կ՚իրականացնեն Սոչիի մէջ։ Օրակարգի վրայ կու գայ Սուրիոյ ճգնաժամին տեսակէտէ շարք մը առանցքային խնդիրներ։ Գագաթաժողովէն առաջ շաբաթավերջին Անթալիայի մէջ տեսակցեցան երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները։ Երէկ ալ Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ այս երեք երկիրներուն ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներուն ժողովը։

Միւս կողմէ, այսօրուան գագաթաժողովին ընդառաջ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատը։ Ներկայ էին Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու եւ բանակի վերնախաւէն դէմքեր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2017