Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԵՒ ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցան Գումգաբուի մէջ։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ անոնք խորհրդակցեցան՝ համայնքային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Ներկայ էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ատենադպիր Յարութիւն Շանլը։

Այս տեսակցութեան կապակցութեամբ Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ խորհրդակցած են մասնաւորապէս պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ անելին շուրջ։ «Ես հերթական անգամ նորին սրբազնութեան նկատառման յանձնեցի իմ ունեցած տեղեկութիւնները», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։

Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ Երկուշաբթի անակնկալօրէն յետաձգուած էր VADİP-ի ժողովը, որուն պիտի մասնակցէր նաեւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ «Նորին սըր-բազնութիւնը փափաքած էր ինծի հետ հանդիպիլ եւ խորհրդակցիլ ներկայ կացութեան շուրջ։ Այնպէս մը նախատեսած էինք, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ մենք պիտի հանդիպէինք եւ ան աւելի վերջ մասնակցութիւն պիտի բերէր VADİP-ի ժողովին։ Բայց եւ այնպէս, քանի որ անակնկալօրէն պարտաւորուեցանք յետաձը-գել VADİP-ի ժողովը՝ ես որոշեցի այցելել Պատրիարքարան, որպէսզի քաղաքավարական թերացում մը չյառաջանայ։ Անկեղծ զրոյց մը ունեցանք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Ինձմէ լսածները բաղդատեց իր անմիջական գործակիցներուն կողմէ իրեն փոխանցուածներով՝ մասնաւորապէս Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ։ Նորին սրբազնութիւնը այս պահուն կը սպասէ պաշտօնական մարմիններու կողմէ գրութեան մը հասնելուն։ Եթէ պետութեան կողմէ հասնի այդպիսի գրութիւն մը, ապա ինք պատրաստ է անմիջապէս պատշաճ քայլերը առնելու», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։

Միւս կողմէ, VADİP-ի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ ընդհանուր ժողովի յետաձգեալ նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Երկուշաբթի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2017