ԿԱՄՔԻ ԹԱՐՄԱՑՈՒՄ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հանդիպում մը ունեցաւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիի հետ։ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական ներկայ օրակարգին տեսակէտէ շատ կարեւոր էր երէկուան տեսակցութիւնը, որ նախատեսուած էր դռնփակ։ Էրտողանի եւ Պահչելիի միջեւ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր հոկտեմբերի 16-ին։ Յառաջիկայ մարտի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ Էրտողան եւ Պահչելի դիրքերու կարեւոր յստակացում մը կատարեցին երէկուան տեսակցութեան ընթացքին։ Այսպէս, գործնականօրէն կը վերակենդանանայ «Ճումհուր» դաշինքը, որ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի միջեւ կնքուած էր վերջին ընտրութիւններէն առաջ եւ արձանագրած կարեւոր յաջողութիւն մը։ Թէեւ վերջին շրջանին ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի միջեւ որոշ ալեկոծումներ ապրուեցան, սակայն երէկուան հանդիպման հիման վրայ յայտնի դարձաւ, որ Էրտողան եւ Պահչելի վերջին հաշուով տրամադրուած են համագործակցութեան ուղղութեամբ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ԱՔ կուսակցութեան բանբերը՝ Էօմէր Չելիք երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Էրտողանի եւ Պահչելիի միջեւ տեղի ունեցած տեսակցութեան շուրջ։ Չելիք յայտնեց, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան ժամանակ համագործակցութեան վերաբերեալ երկու կուսակցութիւնները ծայր աստիճան դրական կէտի մը վրայ են։ Ըստ իրեն, Էրտողան եւ Պահչելի երէկ կարեւոր եւ արդիւնաւէտ հանդիպում մը ունեցան։ Եւ այդ հանդիպման արդիւնքին վրայ Էօմէր Չելիք տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն առթիւ եւս համագործակցութեան վերաբերեալ ծայր աստիճան դրական կէտի մը հասած են երկու քաղաքական ուժերը։

Չելիքի խօսքով՝ Էրտողան եւ Պահչելի կամք թարմացուցած են՝ որպէսզի «Ճումհուր» դաշինքը գոյատեւէ։ «Բաւական գոհացուցիչ հանդիպում մըն էր եւ կրնամ ըսել, որ գոհացուցիչ կէտի մը վրայ կը գտնուինք», ըսաւ Էօմէր Չելիք։

ԱՔ կուսակցութեան Անգարայի ընդհանուր կեդրոնէն դուրս գալու ժամանակ Էօմէր Չելիք զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ անոնց բացատրութիւններ տուաւ Էրտողան-Պահչելի տեսակցութեան շուրջ։ Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Էօմէր Չելիք տեղեկացուց նաեւ, որ մինչեւ շաբաթ ԱՔ կուսակցութեան մօտաւորապէս 40 քաղաքապետի թեկնածուի անունները պիտի հրապարակուին՝ ներառեալ Իսթանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի նման մեծ քաղաքները։

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Էօմէր Չելիք նշեց, որ ներկայ պահու դրութեամբ մանրամասնութիւններ փոխանցելու հնարաւորութիւնը չունի, սակայն Էրտողան եւ Պահչելի հրահանգ տուած են՝ որպէսզի իրենց գլխաւորած կուսակցութիւններու ղեկավարութիւններուն միջեւ աշխատանք մը յառաջ տարուի մօտաւոր ապագային։ Փոխ-կուսակցապետներու մակարդակին վրայ պիտի տարուի այս աշխատանքը։ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Մեհմէտ Էօզհասեքի պիտի մասնակցի այս գործընթացին եւ ՄՀՓ-ի կողմէ նշանակուելիք անունն ալ արդէն շուտով յայտնի կը դառնայ։

Բաց աստի, Էօմէր Չելիք տեղեկացուց, որ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի համագործակցութիւնը այսօր նոր հարթութեան մը վրայ կը գտնուի։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ ներկայ դրական կէտը յառաջիկայ շրջանին ա՛լ աւելի պիտի զարգանայ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018