ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Իտալիա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Երեւան անկեղծ է Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման ձգտման ուղղութեամբ ու պատրաստ երկխօսութեան։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան ժամանեց Հռոմ՝ աւարտելով Միլանոյի ծրագիրը։ Հռոմի մէջ ան ընդունուեցաւ Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ Մարիա Էլիզապեթա Քազելաթիի կողմէ։ Հռոմի իր հիմնական շփումները կը շարունակուին նաեւ այսօր։ Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեան Միլանոյի մէջ կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Միջազգային քաղաքականութեան իտալական կաճառի երդիքին տակ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի գրեթէ բոլոր երեսակներուն մասին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան ըսաւ.
«Դուք գիտէք, որ Հայաստան կը գտնուի անկայուն տարածքաշրջանի մը մէջ՝ անվտանգութեան բազմաթիւ ռիսքերով եւ մարտահրաւէրներով։ Հարաւային Կովկասի մէջ տակաւին առկայ են չկարգաւորուած հակամարտութիւններ, որոնք պատճառ կը դառնան շարունակական լարուածութեան, սպառազինութիւններու մրցավազքի եւ ատելութեան քաղաքականութեան։ Պերլինի պատի անկումէն երեսուն տարի անց Հայաստանի չորս սահմաններէն երկուքը՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանները փակ մնացած են շուրջ երեք տասնամեակ։ Հրաժարելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ Հայաստանի հետ եւ սերտօրէն աջակցելով Ատրպէյճանին ընդդէմ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար»։
Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան հակառակ իր բարեկամներու՝ Վրաստանի եւ Իրանի հետ երկու բաց սահմաններ ունենալու պարագային, տնտեսական արդիւնաւէտութեան առումով զանոնք կը համարէ միայն կիսաբաց։ Արդարեւ, միւս երկու հարեւաններէն եկած արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրները կը սահմանափակեն Հայաստանի արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու ներուժը եւ կը խոչընդոտեն տարածքաշրջանային լայնածաւալ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Վարչապետը շարունակեց.
«Բայց մեզի համար անվտանգութեան ամենամեծ մարտահրաւէրը ղարաբաղեան հակամարտութիւնն է։ Ան կը շարունակէ մնալ չկարգաւորուած՝ դառնալով մշտական լարուածութեան աղբիւր եւ սպառնալով պատճառ դառնալ տարածքաշրջանէ ներս ռազմական գործողութիւններու հերթական բռնկումին։ Ով որ հետաքրքրուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեամբ, պէտք է իմանայ անոր նախապատմութիւնը։ Այս հակամարտութիւնը տարածքաշրջանային վէճ մը չէ՝ ինչպէս ոմանք կը փորձեն զայն ներկայացնել պարզեցուած ձեւով։ Խօսքը ինքնորոշման իրաւունքի, մարդու իրաւանց եւ այնտեղ ապրող մարդոց ֆիզիքական անվտանգութեան մասին է։ Հակամարտութեան արմատները սկիզբ կ՚առնեն Խորհրդային Միութեան վաղ ժամանակներէն, երբ Համայնավարական կուսակցութեան կամայական որոշումով Ատրպէյճանին յանձնուեցաւ հայկական այդ շրջանը, որու բնակչութեան 95 տոկոսը հայեր էին»։ Փաշինեան շեշտեց, որ 1920-ականներու սկիզբին սա տեղի ունեցած էր պոլշեւիկեան Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու արդիւնքով։ Իր խօսքով՝ խորհրդային տարիներուն հակամարտութիւնը կը դրսեւորուէր համակարգուած եւ բռնի խտրական վերաբերմունքով հայ բնակչութեան դէմ։ Հայերը Խորհրդային Միութեան փլուզման նախօրեակին՝ 1988 թուականին ներկայացուցին ինքնորոշման դիմում։ Ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան փափաքին՝ Խորհրդային Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ձեռնարկեցին խիստ միջոցներու ռազմաոստիկանական ուժերու կիրառումով այդ շարժումը խափանելու համար։ Հայերու դէմ զանգուածային վայրագութիւններով ուղեկցուած էթնիք զտումներ իրականացուեցան Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի բազմաթիւ շրջաններուն մէջ։ Փաշինեան շարունակեց.
«Այնուհետեւ, քանի որ խորհրդային կայսրութիւնը կազմալուծման գործընթաց կ՚ապրէր, միւս հանրապետութիւններուն նման Ատրպէյճան եւս դուրս եկաւ Խորհրդային Միութենէն։ Ըստ Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան, եթէ որեւէ անդամ հանրապետութիւն կը յայտարարէր Խորհրդային Միութենէն առանձնանալու մտադրութեան մասին, իր իրաւասութեան տակ գտնուող ինքնավար մարզերը իրաւունք ունէին որոշել իրենց կարգավիճակը, նոյնիսկ այդ հանրապետութենէն անջատուիլը։ Օգտուելով Սովետական Սահմանադրութենէն՝ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը կիրառեց ինքնորոշման իրաւունքը։ Լեռնային Ղարաբաղ Ատրպէյճանէն անկախութիւն հռչակեց ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ատրպէյճանը անջատուեցաւ Խորհրդային Միութենէն։ Այս անգամ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ռազմական ուժ գործածեցին հայերու դէմ։ Անոնք լայնածաւալ պատերազմի ձեռնարկեցին՝ սպառնալով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի գոյութեան։ Ի պատասխան գոյապահպանական այդ սպառնալիքին՝ հայերը, որոնք կը կազմէին Լեռնային Ղարաբաղի ընդհանուր բնակչութեան շուրջ 80 տոկոսը, դիմեցին ինքնապաշտպանութեան։ Անոնք յաջողեցան պաշտպանել իրենց հողը եւ ստիպեցին, որ Ատրպէյճան համակերպի նոր իրավիճակին։ Արդիւնքին՝ Ատրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ հրադադարի պայմանագիր ստորագրուեցաւ 1994 թուականի մայիսի 12-ին»։
Միլանոյի ելոյթին ժամանակ Փաշինեան բացատրեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը սկսած է տակաւին 1992 թուականին՝ հրադադարի մասին համաձայնագրի ստորագրումէն առաջ։ «Միջազգային հանրութեան կողմէ հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդական լիազօրութիւն ստացած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը սահմանեց, որ հակամարտութիւնը ունի երեք կողմ՝ Ատրպէյճանը, Լեռնային Ղարաբաղը եւ Հայաստանը։ Այս փաստը վերահաստատուեցաւ 1990-ականներու սկիզբի միջազգային բազմաթիւ փաստաթուղթերով։ Իսկապէս, երկար ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղ կը մասնակցէր բանակցութիւններուն՝ որպէս բանակցային գործընթացի կողմ։ Նոյնիսկ 1990-ականներու սկիզբին շարք մը հանդիպումներ տեղի ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարներու միջեւ։ Ի դէպ, իտալացի ականաւոր քաղաքական գործիչ ու դիւանագէտ Մարիօ Ռաֆայէլլի, որ մեծ ջանքեր գործադրեց տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակը կարգաւորելու համար, Մինսքի խորհրդաժողովի նախագահն էր՝ առաջին միջազգային գործիչը, որուն 1990-ականներու սկիզբին վստահուեցաւ հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։ Մինսքեան խմբակի հանդիպումները, որոնց կը մասնակցէին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչները, տեղի ունեցան Հռոմի՝ Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ։ Դժբախտաբար, հակառակ տասնամեակներ շարունակ միջազգային միջնորդներու գործադրած ջանքերուն, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տակաւին կը մնայ չլուծուած», ըսաւ Հայաստանի վարչապետը։
Աւելի վերջ Նիկոլ Փաշինեան բացատրեց, թէ որոնք են այս իրավիճակի պատճառները։ Ան շեշտեց, որ նախ եւ առաջ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը հրաժարին բանակցութիւններ վարելէ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ։ Անոնք կը պնդեն, որ Լեռնային Ղարաբաղ պէտք է համարուի Ատրպէյճանի անբաժանելի մասը։ Բայց սա իսկապէս շատ տարօրինակ դիրքորոշում մըն է։ Մէկ կողմէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փափաքին, որ Լեռնային Ղարաբաղ ըլլայ իրենց տարածքային ամբողջականութեան մասը, իսկ միւս կողմէ՝ անոնք չեն փափաքիր երկխօսութիւն վարել Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ։ Տարօրինակ համարելով այս բոլորը Նիկոլ Փաշինեան շարունակեց.
«Ի՞նչ կը նշանակէ անոնց այս կեցուածքը։ Սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները փաստօրէն չեն փափաքիր բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հետ՝ պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք սոսկ տարածք մը կ՚ուզեն, բայց ոչ ժողովուրդ։ Աւելի ճիշդ՝ տարածքներ առանց ժողովուրդի։ Սա կը նշանակէ, որ անոնք յոյս ունին հակամարտութիւնը լուծել ռազմական ճանապարհով. սա է՝ գրաւել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը, էթնիք զտումներ կատարել եւ ազատուիլ թէ՛ հայերէն եւ թէ ինքնին այս խնդիրէն։ «Չի բացառուիր ռազմական լուծումը», սա բնորոշ յայտարարութիւն էր՝ նախագահ Ալիեւի կողմէ կատարուած բազմաթիւ առիթներով։ «Ամէն պահ մենք կրնանք հարցը լուծել ռազմական ճանապարհով», կ՚ըսէր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2017 թուականի յունուարին կառավարութեան նիստին ըրած յայտարարութեան մէջ, երբ կը քննարկուէր երկրի տնտեսական զարգացումը։ «Մենք կ՚աւելցնենք մեր ռազմական հզօրութիւնը եւ ես կը հաւատամ, թէ սա բանակցութիւններու կարեւորագոյն գործօններէն մէկն է»։ Այս խօսքերը ըսուած են 2018 թուականի նոյեմբերի 5-ին։ 2018 թուականի դեկտեմբերի 17-ի յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «… մեր ռազմական ուժերը եւ մեր ուժը կը հանդիսանան ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման հիմնական գործօնները»։ Մէջբերումները կ՚աւարտենք։ Իսկապէս շատ պատճառներ կան հաւատալու, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պատերազմի կը պատրաստեն իրենց հասարակութիւնը։ Այս է պատճառը, որ անոնք հակահայկական տրամադրութիւններ կը բորբոքեն իրենց ժողովուրդին մէջ։ Ահա թէ անոնք հսկայական միջոցներ կը ծախսեն սպառազինութեան վրայ։ Ահա թէ ինչու հայկական ատելութեան խօսքը դարձած է պաշտօնական քաղաքականութիւն Ատրպէյճանի մէջ։ Ահա թէ ինչու հայատեացութիւնը դարձաւ պետական քաղաքականութիւն Ատրպէյճանի մէջ։ Ես այդ քաղաքականութեան որոշ յստակ օրինակները կը բերեմ գործողութեան մէջ»։
Ելոյթին ժամանակ Փաշինեան շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած ոեւէ օտարերկրացի կը յայտնուի Ատրպէյճանի սեւ ցուցակին վրայ։ Այդ ցանկին վրայ արդէն ընդգրկուած է աւելի քան 850 մարդ։ Որեւէ երկրի քաղաքացիներ, որոնք կը կրեն հայկական ազգանուն կամ կը կասկածուի, թէ հայկական արմատներ ունին, չեն կրնար մուտք գործել Ատրպէյճան։ Զանազան օրինակներ թուարկելէ վերջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց ամենայայտնի դէպքը։ Ան յիշեցուց, որ «Արսենալ»ի խաղացող Հենրիխ Մխիթարեան բաց թողեց Եւրոպայի լիկի եզրափակիչ հանդիպումը Պաքուի մէջ՝ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ, ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նոյնիսկ արգիլած էին Մխիթարեանի անունով մարզաշապիկները։ Պաքուի փողոցներուն մէջ ոստիկաններու կողմէ կանգնեցուեցան այն մարդիկ, որոնք Մխիթարեանի անունով մարզաշապիկներ հագած էին։
«Այս քաղաքականութիւնը երբեմն ծիծաղելի դրսեւորումներ կ՚ունենայ։ Ընդամէնը քանի մը օր առաջ վարորդ մը բերման ենթարկեցին Պաքուի մէջ՝ պարզապէս հայկական փոփ երգ մը լսելու համար», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ յիշեցուց նաեւ ամենաողբերգական դէպքը՝ Ռամիլ Սաֆարովի պարագան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռամիլ Սաֆարով Պուտափեշտի մէջ կացինով սպաննած էր ՆԱԹՕ-ի սեմինարին մասնակցած իր հայ դասընկերը քնացած ժամանակ։ Ան դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան, այնուհետեւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ արտայանձնուեցաւ Ատրպէյճանին։ Այդ բանէն վերջ զինքը ողջունեցին որպէս Ատրպէյճանի ազգային հերոս։ Իլհամ Ալիեւը անոր ներում շնորհեց, բարձրացուեցաւ անոր զինուորական կոչումը եւ բնակարան տրուեցաւ։
Նիկոլ Փաշինեան այս բոլորը մատնանշելէ վերջ ըսաւ. «Անկախ այս բոլոր հանգամանքներէն, հակառակ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հակահայկական քաղաքականութեան, Հայաստան կը ձեռնարկէ յստակ քայլերու հակամարտութեան համար փոխադարձ ընդունելի լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ։ Այս նպատակով շուրջ տարի մը առաջ ես հրապարակաւ յայտարարեցի, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի ժողովուրդի, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդի համար։ Ես առաջին հայ առաջնորդն էի, որ բարձրաձայնեցի նման դիրքորոշում։ Իմ երկրին մէջ զիս խիստ քննադատեցին այդ բանաձեւին համար, որով երեք կողմերը հաւասար հիմքերով կը դիտարկուին։ Այնուամենայնիւ, ես համոզուած եմ, թէ սա հակամարտութեան խաղաղ ու տեւական կարգաւորման միակ ճանապարհն է, որովհետեւ ան կ՚ենթադրէ փոխադարձ զիջումի, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարակշռման հնարաւորութիւն։ Որպէսզի յառաջ շարժուինք, ես նման յայտարարութիւն մը կ՚ակնկալեմ նաեւ Ատրպէյճանէն։ Եթէ մենք լսենք այդպիսի յայտարարութիւն նախագահ Ալիեւէն, սա իսկական յառաջընթաց պիտի ըլլայ բանակցային գործընթացին մէջ։ Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճանի բարձրագոյն իշխանութիւնները կը մնան իրենց նախկին դիրքերուն մէջ՝ նպատակ ունենալով խնդիրը լուծել միայն Ատրպէյճանի ժողովուրդի համար ընդունելի տարբերակով։ Սա ինձ յաւելեալ հիմք մը կու տայ կասկածելու, թէ Ատրպէյճան կը փայփայէ հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելը ու չի փափաքիր լուծում գտնել բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։ Այնուամենայնիւ, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է հասկնան, թէ խաղաղ բանակցութիւններուն եւ խնդրի խաղաղ լուծման համար այլընտրանք չկայ։ Նախ եւ առաջ, բացարձակապէս անօգուտ է սպառնալիքի լեզուով խօսիլ Արցախի՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հետ։ Սա ճանապարհ մըն է դէպի ոչ մէկ տեղ։ Ատրպէյճան ժամանակին փորձած է ուժի լեզուով խօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի հետ եւ լուրջ հետեւանքներու բախած է՝ հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ իր հսկայական գերակայութեան թէ՛ ազգաբնակչութեան եւ թէ սպառազինութեան առումով։ Իրենց իսկ ռազմական ձախողումներուն համար վրէժխնդիր ըլլալու փորձերը որեւէ լաւ բան չեն ապահովեր։ Մեր տարածքաշրջանէն ներս ռազմական մագլցումը աղէտի հետեւանքներ կ՚ունենայ նոյնիսկ համաշխարհային տեսանկիւնէն։ Ներգրաւուելով ռազմական արկածախնդրութիւններու մէջ՝ Ատրպէյճան կրնայ պարարտ միջավայր ստեղծել այն ահաբեկիչներուն համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց ազդեցութիւնը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, իսկ այժմ կը փնտռեն նոր տարածքներ իրենց գործողութիւններուն համար։ Աշխարհագրական առումով Ատրպէյճան կրնայ ծառայել որպէս յենակէտ՝ տարածքաշրջան բոլոր չորս ուղղութիւններով անոնց ներթափանցման համար՝ հարաւէն, հիւսիսէն, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն»։
Ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ ելոյթի վերջին բաժնին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Լեռնային Ղարաբաղը շատ բարդ եւ ցաւօտ հարց մըն է տարածքաշրջանի ժողովուրդներու համար։ Հնարաւոր չէ զայն լուծել առանց ծանր եւ հետեւողական ջանքերու, առանց փոխադարձ զիջման, փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարակշռութեան։ Բայց եթէ մենք ստանձնած ենք պատասխանատուութիւն մեր ժողովուրդներու ապագային համար, ապա պէտք է ջանքեր գործադրենք իրական փոփոխութիւններու հասնելու նպատակով։ Ես նկատի ունիմ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը։ Մենք անկեղծ ենք տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման մեր ձգտման մէջ եւ պատրաստ ենք երկխօսութեան՝ յանուն հակամարտութեան այնպիսի լուծման, որ ընդունելի կ՚ըլլայ Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու համար։ Սա է մեր մօտեցումը եւ մենք պատրաստ ենք բանակցիլ այս նոր փարատիկմայի հիման վրայ։ Եզրափակելով խօսքս՝ կ՚ուզեմ ըսել, որ այս հակամարտութեան մէջ բաւականաչափ արիւն հոսած է։ Արդ, մեզի անհրաժեշտ է թանաք եւ ամուր ձեռքեր՝ այդ մէկուն վերջ տալու եւ մեր տարածքաշրջանի ժողովուրդներուն խաղաղութիւն բերելու համար»։