ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, երէկ այցելեց Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց ամենօրեայ վարժարանը։ Այս առթիւ դպրոցէն ներս ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Հայր սուրբը դիմաւորուեցաւ վարժարանի վարչայիններէն Նուրհան Ատարեանի եւ տնօրէնուհի Սեդա Մկրեանի կողմէ։ Իրեն ընկերացաւ նաեւ Նիւ Եորքի «Կոմիտաս» երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամուհիներէն Հիլտա Պիոսեան-Շէշէթեան։
Այցելութեան ընթացքին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին մանրամասնութիւններ ներկայացուեցան վարժարանի պատմութեան շուրջ։ Սա ամբողջ Նիւ Եորքի շրջանի միակ ամենօրեայ հայկական վարժարանն է, որ կը գործէ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ առընթեր։ Դպրոցի աշակերտութեան տեսակէտէ ալ հետաքրքրական էր նոր սերունդէ հոգեւորականի մը հետ շփման հնարաւորութիւնը։ Դպրոցի հանդիսասրահին մէջ կազմակերպուած հանդէսին ժամանակ տղաքը զանազան ելոյթներով ողջունեցին հայր սուրբը, որ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց բոլորին հետ։