ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գըլ-խաւորութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, սա խորհուրդի հերթական նիստն էր, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի անվտանգութեան ոլորտի վերաբերեալ զանազան հարցեր։ «Պէտք է որոշ եզրակացութիւններ ընենք անվտանգային միջավայրի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ որոշումներ կայացնենք մեր անվտանգային յետագայ զարգացումներու, ռազմավարութիւններու, մարտավարութիւններու վերաբերեալ», յայտնեց ժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան։ Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետը ընդգծեց, որ պէտք է այդ որոշումները իրականացնելու յստակ ճանապարհային քարտէս մշակել եւ ուղենշել գործողութիւններու յստակ ծրագիր մը։

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը կը զուգադիպի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Մոսկուա նախատեսուած այցելութեան նախօրեակին։ Մինչ այդ, վերջին օրերուն Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կը պատրաստուի փաստաթուղթ մը, որով Հայաստանի մէջ երրորդ երկիրներու ռազմական խարիսխներու հիմնադրումը կամ զօրքերու տեղակայումը պիտի բացառուի։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն անմիջապէս արձագանգեցին նաեւ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հայկական կողմը որեւէ այլ երրորդ երկրի մը հետ համապատասխան նիւթերու շուրջ բանակցութիւններ չի վարեր։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2018