ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ ՊԱՏԿԵՐՈՂ ԱՒԱԶԷ ՔԱՆԴԱԿ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Վատիկանի Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարուած է բացումը աւազէ վիթխարի քանդակի մը, որ կը պատկերէ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի աստուածաշնչեան տեսարանը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ պատուանդանին կարելի է տեսնել Յովսէփը, Մարիամը, հրեշտակները, հովիւներն ու կենդանիները եւ անշուշտ Յիսուս մանուկը: 5.5 մեթր բարձրութեամբ քանդակի ստեղծման համար կարիք եղած է 720 թոն աւազի:

Քանդակը օծած են Վատիկանի քահանաները: Արարողութեան հետ միաժամանակ վառած են Վատիկանի Ս. Ծննդեան տօնածառին լոյսերը: Ս. Ծնունդի քանդակին վրայ աշխատած են քանդակագործներ Ռիչ Վարանօ, Ռատովան Զիւնի, Սիւզան Ռիւսլէր եւ Իլիա Ֆիլիմոնցեւ: Քանդակը հրապարակին վրայ պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ տարուան յունուարի 14-ը:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2018