«ՍՓԻՒՌՔ» ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

«Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը նախաձեռնած է նոր՝ «Սփիւռք» մատենաշարը, որու իւրաքանչիւր գիրքին մէջ կը ներկայացուին արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրողներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները։ Անոնցմէ շատեր մինչ այս առանձին գիրքերով չեն ներկայացուած, իսկ որոշներն ալ տպագրուած են միայն մամուլին մէջ։ Մատենաշարի մէջ, որու խմբագիրն է Արթուր Անդրանիկեան, հեղինակներու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջաբանները, վերջաբանները եւ ծանօթագրութիւնները ներկայացուած են բնագրային ուղղագրութեամբ։

Մատենաշարի շրջանակներէն ներս արդէն լոյս տեսած է Նիկողոս Սարաֆեանի «Մանուկ Դուինեան» վէպը (տպագրուած է «Նաիրի» ամսագրին մէջ, 1948թ.): Այս ստեղծագործութեան մէջ գրողական դիտարկումները շեշտադրուած են իրականութեան քաոսի եւ քաոսային իրականութեան խնդրայարոյց իրողութիւններու լոյսի ներքոյ: Տպագրուած է նաեւ Շահան Շահնուրի «Յարալեզներու դաւաճանութիւնը» պատմուածաշարը։ Շահնուրի անուան հետ կապուած է հայ գրականութեան մէջ «նահանջի» ուղղութեան սկզբնաւորումը։ Օտարութեան մէջ հայու լինելիութեան տեսանկիւնէն յատկապէս հետաքրքրական է «Յարալեզներու դաւաճանութիւնը» պատմուածաշարը, որ լի է բազմանշանակ խորհրդանշաններով։ 

Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» (ուղեգրութիւն, որ կը պատմէ 1908թ. հայկական արհաւիրքներու մասին), Յակոբ Մնձուրիի «Նազարը» (թատրերգութիւն), Յարութ Կոստանդեանի բանաստեղծութիւնները, տարբեր նամակներ եւ այլ ստեղծագործութիւններ մատենաշարով նախատեսուող գործերու ընդամէնը փոքր մէկ մասը կը կազմեն։

Մատենաշարը նախատեսուած է թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ բնակող ընթերցողներու լայն շրջանակի համար։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2020