ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ԸՆԴՀԱՏԵԼ ԴԷՊԻ ՍԻՒՆԻՔ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԵՐԵՒԱՆ

Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապը կ՚ունենայ հետզհետէ աւելի արտառոց դրսեւորումներ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքները կառավարութեան դէմ աննկարագրելի պոռթկումի մը պատճառ դարձած են։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւններու հրաժարականը համատարած պահանջի մը վերածուած է ամբողջ երկրէն, նաեւ հայաշխարհէն ներս։ Մինչ Նիկոլ Փաշինեան կը ջանայ դիմադրել այս բոլորին դէմ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման աշխատանքներուն ժամանակ ի յայտ եկած տկարութիւնները կը բազմապատկեն իշխանութիւններուն դէմ ցասումը։ Սահմանազատման գործընթացով պայմանաւորուած ամենամտահոգիչ իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան Հայաստանի հարաւի Սիւնիքի մարզին մէջ, ուր օրերէ ի վեր ծագած է աննկարագրելի անհանգստութիւն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ծրագրած էր այցելել Սիւնիք։ Օրերէ ի վեր արդէն հաղորդումներ կային, թէ մարզէն ներս լարուածութիւնը եւ բողոքի տրամադրութիւնները հասած են գագաթնակէտին։ Ընդդիմադիր շարժումը այնպիսի համեմատութիւններու հասած էր, որ ժողովուրդը արդէն փողոց դուրս եկած էր ճանապարհները փակելու եւ Փաշինեանի մուտքը արգիլելու համար։

Այսպիսի ծանր իրավիճակի մը մէջ վարչապետը երէկ ճանապարհ դուրս եկաւ դէպի Սիւնիքի մարզ։ Ուղեւորութեան սկիզբին ան ընկերային ցանցերու միջոցաւ փորձեց փոխանցել դրական պատգամներ, նաեւ փորձեց փարատել անվտանգութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները։ Յամենայնդէպս, այդ բոլորը համոզիչ ըլլալէ հեռու մնացին։ Նիկոլ Փաշինեան առանց Սիւնիքի մարզկեդրոնը հասնելու, առանց իր նախատեսած զանազան քաղաքները այցելելու, պարտաւորուեցաւ Երեւան վերադառնալու։ Ցուցարարներու կողմէ փակուած ճանապարհներու մթնոլորտին մէջ ան ընդհատեց իր այցելութիւնը։ Երեւան վերադարձի ստիպողութիւնը Նիկոլ Փաշինեան պատճառաբանեց ըստ հետեւեալի. «Սուգի օրով ուժային գործողութիւններու չենք երթար»։

Սա արդէն հերթական մեծ ապացոյցն էր, որ Նիկոլ Փաշինեանի շուրջ օղակը կը սեղմուի։ Մինչ այդ, ուրիշ զգայացունց իրադարձութիւն մըն ալ անհերքելիօրէն հաստատեց այս փաստը։ Դէպի Սիւնիք ճանապարհին Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Սիսիան քաղաքի պանթէոնը ու մտաւ նաեւ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Այդ այցելութեան ժամանակ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Պարգեւ Քհնյ. Զէյնալեան մերժեց Նիկոլ Փաշինեանի հետ ձեռնուիլը եւ վարչապետը դուրս հրաւիրեց եկեղեցիէն։ Այս դէպքը շատ լայն արձագանգ գտաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Այդ դրուագը ցոլացուց, թէ պատերազմի ծանր կորուստները ի՛նչ համեմատութիւններու հասցուցած են հակազդեցութեան տրամադրութիւնները Փաշինեանի ղեկավարութեան դէմ։ Զանազան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Սիսիանի եկեղեցւոյ քահանան իր ցուցաբերած վերաբերմունքին բերումով թիրախ դարձուած է աղանդաւորներու կողմէ, որոնք, ըստ էութեան, կը սատարեն վարչապետին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները աւելի ուշ զօրակցութիւն յայտնեցին հոգեւոր հովիւին։ Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ այս դէպքին արձագանգեց ընկերային ցանցերու վրայ։ Ըստ իրեն, խիստ դատապարտելի է, որ իշխանութիւնները ընկերային ցանցերու վրայ հետամուտ կ՚ըլլան այդ քահանայի դէմ յարձակումներու կազմակերպման եւ այդ երեւոյթները կը համակարգուին պաշտօնեաներու կողմէ։ Արման Թաթոյեան շեշտեց, որ այդ պաշտօնեաներէն ոմանք անձամբ կեղծ էջեր կը վարեն եւ ատելութիւն կը տարածեն երկրէն ներս։ Բաց աստի, ընկերային ցանցերու վրայ զանազան հեղինակաւոր դէմքեր մատնանշեցին, որ Նիկոլ Փաշինեան ի սկզբանէ պարսաւած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցին եւ անոր կամ հոգեւորականներու դէմ կատարուած յարձակումներու պատասխանատուն խորքին մէջ ինքն է։

Երէկուան լարուած իրավիճակին եւ ժողովուրդի բողոքին զուգահեռ կազմակերպուած ցոյցի պատրաստութիւններուն աշխուժօրէն մասնակցած Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեան ձերբակալուած է իրաւապահ մարմիններուն կողմէ։ Երէկ արդէն կը հաղորդուէր, որ հնարաւոր չ՚ըլլար անկէ լուր ստանալ։ Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Գորիսի մէջ ի պաշտպանութիւն Առուշանեանի, տեղի կ՚ունենայ բողոքի ցոյց մը։

Այս զգայացունց եւ տհաճ իրադարձութիւններու համայնապատկերին վրայ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացին կապակցութեամբ յառաջացած ցասումը մեղմելու համար հանդէս եկաւ զանազան պնդումներով։ Այս ամբողջին մէջ ան դիտել տուաւ, որ տակաւին նախկին իշխանութիւններու օրով, օրէնքով ճշդուած են Հայաստանի մարզերու սահմանները ու ներկայիս սահմանազատման ժամանակ հաշուի կ՚առնուին այդ բոլորը։ Ըստ իրեն, այս պարագան խնդրոյ առարկայ է թէ՛ Սիւնիքի մարզի եւ թէ երկրի հիւսիս-արեւելքի սահմաններու պարագային՝ ներառեալ Սոթքի ոսկիի հանքը։ Ընդդիմութիւնը անմիջապէս արձագանգեց Փաշինեանի այս պնդումներուն՝ մատնանշելով, որ ան սահմանազատման ժամանակ ի յայտ եկած տկարութիւնները կը ջանայ պայմանաւորել Հայաստանի ներքին օրէնսդրութիւնով։

Թէ ինչպէ՞ս այս բոլորը կ՚ընկալուի դուրսէն… Այս հարցումի պատասխանին տեսակէտէ յատկանշական էր ռուսական «Քոմերսանտ» թերթի արձագանգը։ Այդ մէկը «անկոչ հիւր» որակեց Նիկոլ Փաշինեանը՝ յիշեցնելով շաբաթավերջին Եռաբլուր եւ երէկ Սիւնիք այցելութիւններուն ժամանակ ծագած դէպքերը եւ իր մատնուած կացութիւնը։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան Սիւնիքի վերաբերեալ յառաջացած խոր մտահոգութեան մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն հանդէս կու գայ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով։ Երէկ ալ ան շարունակեց իր յայտարարութիւնները։ «Կրնան պատահիլ միջադէպեր, սահմանի մօտ կրնան գալ ատրպէյճանցիներ, մտահոգուելու պատճառ չկայ», յայտնեց Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ խորհուրդ տուաւ խուճապի չմատնուիլ։

Թէկուզ այս բոլորը որոշ տրամաբանութիւն մը կը ցոլացնեն, սակայն, իշխանութիւններու դէմ այնպիսի համատարած անվստահութիւն մը գոյութիւն ունի, որ յայտարարութիւնները հեռու կը մնան ժողովուրդը բաւարարելէ։ Իր կարգին, նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեան նշեց, որ պատերազմի ժամանակ հայկական կողմը իրականութեան մէջ շուրջ 7 հազար նահատակ ունեցած է, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն արդէն յանձնուած է քանի մը հարիւր քառակուսի քիլօմեթր։

Այսօր, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը Հայաստանի մէջ նախատեսած է գործադուլ եւ դասադուլ, որոնց զուգահեռ տեղի կ՚ունենան քաղաքացիական անհնազանդութեան զանազան ցոյցեր։ Ընդդիմադիր ուժերը նախատեսած են այս անգամուան բողոքի ցոյցը Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպել եւ ցուցարարներով շրջափակել կառավարութեան շէնքը։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեանն ալ այս օրուան բողոքի շարժումներուն ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական օրաթերթի մը եւ ըսաւ. «Վարչապետի միասնական թեկնածու դառնալը «մահապարտի» գործ է, բայց չեմ կրնար հրաժարիլ՝ խօսքը հայրենիքի, ժողովուրդի ապագայի մասին է»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Վազգէն Մանուկեան անհասկնալի համարած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հապճեպով սկսած սահմանագծման ու սահմանազատման գործընթացը։ Ըստ իրեն, սա հրադադարի համաձայնութեան հետ կապ չունի։ Յայտնի է, որ սահմաններու սահմանազատումն ու սահմանագծումը կ՚իրականացնեն մասնագէտները՝ համապատասխան համաձայնագրերու հիման վրայ եւ գործընթացները կրնան տարիներ տեւել։ Սա եւ առկայ միւս հարցերը պէտք է բանակցութիւններու առարկայ դառնան՝ հրադադարի համաձայնագիրը ստորագրած երեք երկիրներու միջեւ։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ Վազգէն Մանուկեան պնդած է, որ Նիկոլ Փաշինեան իշխանութեան գլուխ գտնուած երկուքուկէս տարիներուն անընդհատ փճացուցած է Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները ու չէ կրցած օգտագործել երկու երկիրներու դաշնակցային կապերը։ «Այս պահուն Ռուսաստանի դերակատարութիւնն ու ռուսական զօրքերու խաղաղապահ առաքելութիւնը այստեղ մենք շատ բարձր կը գնահատենք», յայտնած է Վազգէն Մանուկեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2020