«ՍՕՍԻ ԵՒ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՊԵՏԻԿԵԱՆ» ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿԸ ՀԵՏԱՄՈՒՏ՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԽՐԱԽՈՒՍԵԼՈՒ

«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-

Արմատներով  լիբանանահայ տքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանի նախաձեռնութեամբ վերջերս հիմնադրուած է կրթաթոշակ մը։ Երկար տարիներէ ի վեր Գերմանիա հաստատուած տքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան այնտեղ գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ ազգային-հասարակական կեանքէն ներս։ «Սօսի եւ Վարուժան Պետիկեան կրթաթոշակ» կը կոչուի այս նոր նախաձեռնութիւնը, որ ունի առանձնայատկութիւն մը։ Այսպէս, սա առաջին կրթաթոշակն է, որ բարերարներու կողմէ նախատեսուած է հայագիտական ուսմանց ծրագրերու, ընդհանրապէս հայագիտութեան խրախուսման համար։ Այս կրթաթոշակը ամէն տարի պիտի յատկացուի Արեւմտահայ առցանց քոլէճի ուսանողներէն մէկուն։ Տքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան այս նախաձեռնութիւնը կը կատարէ՝ յաւերժացնելու համար իր հոգելոյս ծնողքի յիշատակը։ Թէ՛ հանգուցեալ Սօսի Պետիկեան եւ թէ հանգուցեալ Վարուժան Պետիկեան եղած են Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շրջանաւարտ։ Երկուքն ալ իրենց կեանքի հինգ տասնամեակները նուիրած են հայ սերունդներու դաստիարակութեան։ Այժմ, անոնց որդին՝ տքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան բարեյիշատակ ծնողաց յիշատակը յաւերժացնելու համար ստեղծած է սոյն կրթաթոշակը, որու յարատեւութիւնը պիտի ապահովուի հանգուցեալներու թոռնիկներուն՝ Տարօն, Թալին եւ Լուսիա Պետիկեաններու կողմէ։ Հարկ է նշել, որ կրթաթոշակը պիտի տրամադրուի այն ուսանողներուն, որոնք պիտի հետեւին Լոնտոնի Հայագիտական դասընթացներու եւ արեւմտահայերէնի ուսուցման կեդրոնին, որուն գլուխը կը գտնուի գրականագէտ տքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեան։

Անդրադառնալով այս նոր նախաձեռնութեան, Գրիգոր Մոսկոֆեան յայտնած է հետեւեալը. «Մեր ծրագիրը ստեղծուած օրէն ի վեր եղած է յառաջատար՝ արեւմտահայերէնի ուսուցման ու զարգացման մարզին մէջ։ Առաջին անգամ մեր ծրագրի բարեկամ մը այսպիսի աջակցութիւն կ՚առաջարկէ՝ միեւնոյն ժամանակ յարգելով յիշատակը իր ծնողներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են հայ սերունդներու կրթութեան։ Այս կրթաթոշակի ստեղծուիլը անոնց ժառանգութեան շարունակութիւնն է։ Սօսի Պետիկեան եղած է իր ընտանիքի անդամներէն շատերու դաստիարակը։ Սա ամենէն լաւ նուէրն էր, որ կրնար ունենալ Ս. Ծնունդի տօնին։ Կը յուսամ, թէ այս բարի արարքը օրինակ կ՚ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին յաւերժացնել իրենց սիրելիներու յիշատակը՝ դրոշմելով հայկական ինքնութիւնը յաջորդ սերունդին մէջ։ Այս առումով, մենք այս առատաձեռնութիւնը կը համարենք անկիւնադարձային մեր հաստատութեան համար»։

Նորահաստատ կրթաթոշակի համար դիմումները պէտք է կատարուին մինչեւ 2 յունուար 2022-ը։ Դիմողները պէտք է ըլլան ծագումով արեւմտահայ՝ առնուազն ծնողներէն մէկուն կողմէ։ Դիմորդներու պարագային թէեւ տարիքային սահմանափակում մը չէ նախատեսուած, սակայն առաջնահերթութիւն պիտի վայելեն երիտասարդները։ Կը ծրագրուի նախապատուութիւն մը տալ Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ արեւմտահայ գաղութներէ դիմողներուն։ Մասնաւոր վերաբերմունք պիտի ցուցադրուի նաեւ Հունգարիայէ եւ Հարաւային Ամերիկայէ կատարուելիք դիմումներու պարագային։ Դիմողներէն կը պահանջուի ներկայացնել ինքնակենսագրութիւն ու ամփոփ նամակ մը, որով անոնք պէտք է բանաձեւեն, թէ ինչո՛ւ իրենց համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ արեւմտահայերէն սորվիլը։

Լոնտոնի Հայագիտական ուսմանց ծրագրի կայքէջին վրայ հասանելի են յաւելեան մանրամասնութիւններ՝ այս նոր կրթաթոշակին վերաբերեալ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021