ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՊԱՐԾԱՆՔԸ

Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը մեր համայնքի մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն է։ Աւելի՛ն, անոր ապահոված կենսունակութիւնը սահմանափակուած չի մնար միայն երաժշտութեամբ կամ մշակոյթով, այլ իր հետ կը բերէ բազում առաւելութիւններ։

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի տանտիրութեամբ, անցեալ երեկոյեան, «Հալիչ» համագումարներու կեդրոնէն ներս կազմակերպուած ընթրիքը հերթական առիթ մը եղաւ Վարդանանց երգչախումբի կարողութիւններուն, ներուժին անդրադառնալու տեսակէտէ։ Խմբավար Ատրուշան Հալաճեան եւ սաները բեմ առին՝ երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու եւ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն համար, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական շրջանին տեղի ունեցած հաւաքոյթին ժամանակ։ Կարճ յայտագիր մը գործադրեց երգչախումբը՝ քանի մը երգ ընդամէնը, բայց ելոյթը, բառին բուն իմաստով, պայմանաւորեց երեկոյթի ամբողջ մթնոլորտը։ Վարդանանց երգչախումբը ներկաներուն վրայ այնպիսի տպաւորութիւն մը գործեց, որ դժուար թէ մոռացութեան մատնուի։

Կարճ յայտագիրը, խորքին մէջ, ճոխ ալ էր… Հայ, թուրք կամ օտար երգահաններու գործեր ու տակաւին դասական կամ ժողովրդական երաժշտութեան նմոյշներ։ Համաճարակի շրջանին, գրեթէ երկու տարիէ ի վեր, Վարդանանց երգչախումբը հանդէս չէր եկած երբեք, որեւէ տեղ։ Եւ հազիւ երկու շաբթուան մէջ պատրաստուած էր այս կատարումներուն, որոնցմով կարծես թօթափեց ակամայ ընդհատման ամբողջ ծանրութիւնը։

Հաւաքոյթի մասնակից հայերը հպարտօրէն ծափահարեցին՝ գիտակցելով, որ Վարդանանց երգչախումբը մեր համայնքի պարծանքն է իսկապէս… Թրքահայութեան համար հաւաքական արժէքի մը համազօր է Վարդանանցը՝ մակարդակով ու կատարելապաշտութեամբ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021