ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Լոն­տո­նէն.-

Օքս­ֆորտ հա­մալ­սա­րա­նի Փեմպ­րուք գո­լէ­ճէն ներս ե­րէկ շա­րու­նա­կուե­ցաւ «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը 21-րդ դա­րուն» խո­րագ­րեալ հա­մա­ժո­ղո­վը, որ կ՚եզ­րա­փա­կուի այս շա­բա­թա­վեր­ջին։ Հիւ­րըն­կալ հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րե­ւե­լա­գի­տու­թեան ֆա­քիւլ­թէի Հա­յա­գի­տու­թեան ամ­պիո­նին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս հա­մա­ժո­ղո­վին ծրա­գի­րը կեան­քի կը կո­չուի աշ­խա­տա­նո­ցի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Լիզ­պո­նի «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կին ա­ջակ­ցու­թեամբ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, ո­րու հիմ­նա­կան կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են Տքթ. Հրաչ Չի­լին­կի­րեան եւ Թէօ ֆան Լինտ։

Սփիւռ­քեան զա­նա­զան շրջա­նակ­նե­րէ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն ժա­մադ­րա­վայ­րը հան­դի­սա­ցած է Լոն­տոն՝ այս հա­մա­ժո­ղով-աշ­խա­տա­նո­ցին բե­րու­մով։ Ըստ նա­խա­տե­սուած ծրագ­րին ե­րէ­կուան աշ­խա­տա­նո­ցա­յին քննար­կում­նե­րէն մին վա­րեց ֆրան­սա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան Գրի­գոր Պըլ­տեան։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան քննար­կում­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին շարք մը յայտ­նի ա­նուն­ներ. օ­րի­նակ՝ Ժի­րայր Դա­նիէ­լեան (Պէյ­րութ), Շա­հան Գան­տա­հա­րեան (Պէյ­րութ), Վար­դան Մատ­թէո­սեան (Նիւ Եորք), Գրի­գոր Մոս­կո­ֆեան (Լոն­տոն), Վա­լեն­թի­նա Քալ­ցո­լա­րի (Ժը­նեւ), Մարկ Նշա­նեան (Փա­րիզ), Սա­գօ Ա­րեան (Ե­րե­ւան) եւ այլ յայտ­նի դէմ­քեր։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք սոյն հա­մա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Լոն­տո­նի մէջ կը գտնուի նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբա­գիր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան։

Շաբաթ, Յունուար 23, 2016