«ԿՐՆԱՆՔ ԸՆԵԼ ԱՒԵԼԻՆ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա դատապարտուած չեն թշնամիներ ըլլալու։

Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումի մասնակիցներուն առջեւ տեսակապով ունեցած ելոյթին ժամանակ Մայք Փոմփէօ անդրադարձաւ ԱՄՆ-Ռուսաստան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն։ «Մենք դատապարտուած չենք հակառակորդներ կամ մրցակիցներ ըլլալ՝ ինչպէս որ եղած էր Պաղ պատերազմի տարիներուն։ Մենք կրնանք ընել աւելին», ըսաւ Փոմփէօ եւ յոյս յայտնեց, որ Ռուսաստան կը փոխէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը՝ մանաւանդ Ուքրայնոյ հարցին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019